Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ պուրունքըշլացիներու (Եոզղատ) աւանդական հաւաքը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան անդարձ բաժնուած պուրունքըշլացիները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Աճառեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Պուրունքըշլացիներու տարեկան հաւաքը Սամաթիոյ մէջ աւանդութիւն մըն է երկար տարիներէ ի վեր։ Համավարակի շրջանին, դժբախտաբար, 4 տարիէ ի վեր ակամայ ընդհատուած էր այս նախընթացը։ Ի վերջոյ, այս աւանդութիւնը համավարակի աւարտին այս տարի վերականգնուեցաւ՝ պուրունքըշլացի մեր ազգայիններէն Յովսէփ Արզումանի ջանքերով։ Հոգեճաշի սեղանը եւս գլխաւորեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին բազմաթիւ պուրունքըշլացիներ եւ անոնց շառաւիղները։ Հրաւիրուած էր նաեւ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա, որ նոյնպէս պուրունքըշլացի մըն է։ Կուսակալը թէեւ ակամայ բացակայեցաւ, սակայն իր անունով ներկայ գտնուեցաւ իր մամլոյ քարտուղարը՝ Մուամմէր Քարատենիզ։
Սիրոյ սեղանի ընթացքին ներկաներուն հրամցուեցան Պուրունքըշլայի բնորոշ ուտեստներ եւ քաղցրաւենիքներ, որոնք պատրաստուած էին տիկնանց կազմին կողմէ։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Տիանա Պենլիօղլուի հանդիսավարութեամբ։ Իր ողջոյնի խօսքէն վերջ ներկաները հետեւեցան տեսանիւթի մը, որով վերյիշեցին անդարձ բաժնուած պուրունքըշլացիները։ Սրտի խօսքերով հանդէս եկան՝ Յովսէփ Արզուման, Սէրտար Քասապճըլար, Պարոն Նալպանտ, փրոֆ. Թորոս Ալճան, Նազար Պինաթլը, Սրբուհի Պիլալ, Նազարէթ Էօզսահակեան եւ Հոլանտայէն Իլտա Սիմոնեան։ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներն ալ հանդէս եկան աշխարհիկ երգերով։
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, որ թէեւ սա ուրախառիթ համախմբում մըն է, սակայն այդ երջանկութեան ակունքները ցաւերով պայմանաւորուած է։ Արդարեւ, անոնք, որոնք Պուրունքըշլայէն Իսթանպուլ գաղթեցին, հաստատուելու ժամանակ բացարձակապէս չէին ճանչնար քաղաքը։ «Բայց եւ այնպէս, անոնք գիտէին ու կը ճանչնային իրենց եկեղեցին, որ գրկաբաց ընդունեց զիրենք։ Ես շատ բարձր կը գնահատեմ եոզղատցիներու եկեղեցասիրութիւնը։ Առանց հայերէն գիտնալու, անոնք երկար տարիներ լեցուցին այս եկեղեցին։ Ահա այս պատճառով հայրենակցական միութիւնները շատ կարեւոր են։ Իւրաքանչիւրին հայրենիքը իր ծննդավայրն է։ Մեր նախնեաց ծննդավայրերը մենք կը ժառանգենք մեր ծիներով։ Ուստի, այդ կապերը պէտք է պահենք», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ խորհուրդ տուաւ, որպէսզի եոզղատցիներն ալ ունենան իրենց հայրենակցական միութիւնը։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ միասնաբար երգուած Տէրունական աղօթքով։
İlk yorum yapan siz olun