İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ԵՒ ՆԱԽԱՃԱՇ ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբին նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին քայլարշաւ մը կազմակերպուեցաւ համայնքային վարիչներուն համար։ Ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Առաւօտեան ժամերուն համայնքային նորընտիր վարիչները մէկտեղուեցան «Աթաթիւրք» քաղաքային անտառին մէջ, որ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան ենթակայ ընդարձակ անտառ մըն է։ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր գործակից ընկերները ջերմօրէն ողջունեցին քայլարշաւի մասնակիցները, որոնց շարքին էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Բոլորին համար ուրախառիթ էր վայելել Նորին Ամենապատուութեան անմիջականութիւնը՝ մանաւանդ, որ ան եւս մարզազգեստով միացած էր իրենց։

Քայլարշաւի սկիզբէն առաջ Ալէն Թեքպըչաք հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան նշեց, որ սա աննախընթաց ծրագիր մըն էր՝ քանի Շիշլի մարզակումբը կը համախմբէր համայնքային բոլոր վարիչները։ Նկատի ունենալով, որ քայլարշաւի աւարտին Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ նախաճաշ մըն ալ կազմակերպուած էր, Ալէն Թեքպըչաք շնորհակալութիւն յայտնեց թաղային խորհուրդին։ Այս փուլին Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մինաս Մեծատուրն ալ ուղղեց իր սրտի խօսքը քայլարշաւի մասնակիցներուն։ Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ նշեց, որ կեանքը գեղեցիկ է եւ ամենալաւն ալ առողջ ապրիլն է։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ կանաչապատ մթնոլորտի մը մէջ համախմբուած են համայնքային վարիչները։ «Այսպիսի ձեռնարկները պէտք է աւելցնենք, որովհետեւ հիւանդանալէ վերջ շատ թանկ է վերաառողջանալը։ Մենք այստեղ միասնաբար պիտի քալենք եւ սա շատ խորհրդանշական կը համարեմ, որովհետեւ մենք արդէն հինգ տարուան քայլարշաւի մը դուրս եկած ենք՝ մեր համայնքի նորընտիր վարչութիւններուն հետ։ Բոլորին յաջողութիւն կը մաղթեմ», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Չորս քիլօմեթր ճանապարհ հատելէ յետոյ, քայլարշաւի մասնակիցները զիրար վերագտան Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ, ուր սարքուեցաւ նախաճաշի սեղան մը։ Թաղային խորհուրդէն Լենա Ենիեորկան այս փուլին ողջունեց բոլոր ներկաները։ Իրմէ վերջ հակիրճ ելոյթներ ունեցան նաեւ Ալէն Թեքպըչաք եւ Մինաս Մեծատուր։ Այս փուլին բոլորը վերահասու դարձան այն դժուարութիւններուն, որոնց կուրծք կու տայ նորընտիր թաղային խորհուրդը։ Մասնաւորապէս շեշտուեցաւ, որ եկեղեցւոյ տանիքը կքելու վրայ է եւ վերանորոգութեան համար անհրաժեշտ հսկայական ծախսը դիմագրաւելու պատրաստակամութիւն յայտնած է անանուն բարերար մը։ Այս լուրը մեծ ոգեւորութեամբ ընկալուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ։

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ նշեց, թէ քայլարշաւի ընթացքին բոլորը միասնաբար ընթացած էին։ «Մեր ամենամեծ խնդիրը միասին վարուիլն է։ Մեր մեծագոյն հարցն է, որ կեդրոնական աշխարհական մարմին մը չունինք, հասարակաց միտք ձեւաւորելու մարմիններ չունինք։ Ուստի, նման ծրագիրները շատ կարեւոր են, որովհետեւ մեր վարիչները կը համախմբուին եւ անոնց միջեւ փոխադարձ վստահութեան գետին կը պատրաստուի եւ այս մէկն ալ կրնայ ապահովել խարիսխի վրայ համախմբում մը», նշեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ բարձր գնահատեց Շիշլի մարզակումբի վարչութեան եւ Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդի համագործակցութիւնը։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/22-05-2023-շիշլի-մարզակումբին-նախաձեռնութեամբ-համայնքային-վարիչներուն-համար

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın