Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցան մեներգչուհի Այշէնուր Քոլիվար, դուստրն ու «Վովա» խումբի հիմնադիր Հիքմէթ Չիչէք։ Ինչպէս ծանօթ է, Այշէնուր Քոլիվար կը մեկնաբանէ Համշէնի շրջանի ժողովրդական երգեր եւ վերջերս մեներգչուհի Սիպիլին հետ ալ համատեղ ելոյթներ ունեցաւ։ Հիւրերու այցելութիւնը դպրոցին մէջ ստեղծեց ոգեւոր մթնոլորտ։ Անոնք աշակերտներուն բացատրութիւններ տուին Համշէնի բարբառին եւ մշակութային առանձնայատկութիւններուն շուրջ։ Տղաքն ալ Համշէնի բնորոշ երգեր երգեցին։ Հիւրերու այցելութեան ատեն, ուսուցչական կազմին առընթեր, ներկայ էր նաեւ դպրոցի կամաւոր հոգաբարձու Դալար Հորոզօղլու, որ մատնանշեց նման հանդիպումներու նշանակութիւնը։ Հրաժեշտի պահուն տղաքը հիւրերուն նուիրեցին իրենց ստեղծագործած նկարները։
İlk yorum yapan siz olun