İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 13 Մայիս 2023, Շաբաթ, ժամը 17.00-ին, ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։

Արարողութեան մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Ատենապետ Լեւոն Շատեանի գլխաւորած Իշխանաց Կղզեաց Թաղային Խորհուրդի անդամները։

Ժամը 17.00-ին, Նորին Ամենապատուութիւնը, թափորով առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ մուտքը, ուր կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն։ Ապա, զանգակներու ղողանջներով ներկաներ մուտք գործեցին բարեզարդեալ եկեղեցին։ Արարողութեանց երգեցողութիւնները կատարուեցաւ ներկայ հոգեւորականներու, սարկաւագներու եւ դպիրներու կողմէ։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ աւագ խորանն ու պահարաններու Ս. Սեղանները։

Օծման արարողութենէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։

Արարողութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ ուրախութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բարեզարդման աշխատանքներու կապակցութեամբ։ Մեր Հոգեւոր Պետը գնահատեց, Կղզեաց Թաղային Խորհուրդի առաջնորդութեամբ կատարելագործուած բարեզարդման աշխատութիւնները, որոնք ապացոյցն էին եկեղեցւոյ հետ նոյնացած վարչութեան անդամներուն իրենց աղօթքի տան հանդէպ ունեցած սիրոյն։ Պատրիարք Հայրը, նաեւ յիշեցուց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ունեցած կրօնական ու մշակութային առաքելութիւնը եւ այս առումով Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Յարութիւն Վարդապետին եւ եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորներուն մաղթեց կարողութիւն։ Այս առումով մաղթեց որ բարեզարդուած եկեղեցին դառնայ բոլորին օրհնութեան առիթ։

Պատրիարք Հայրը նաեւ բացատրութիւններ տուաւ կատարուած արարողութեան մասին եւ յայտնեց, թէ՝ եկեղեցին այն վայրն է, որ Աստուծոյ տրամադրուած է եւ սուրբ է։ Աղօթքի տուներու պայծառութիւնը ներշնչման աղբիւր է նաեւ հաւատացեալին համար։ Այս առումով եկեղեցիները մաքուր եւ ներկայանալի պահելը բոլորիս վերապահուած պարտականութիւն մըն է։

Իր խօսքերու աւարտին, Պատրիարք Հայրը օրհնեց ներկաները եւ Տէրունական Աղօթքով իր աւարտին հասաւ արարողութիւնը։

Հոգեւոր Արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ պարտէզը տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին ներկաներ անմիջական մթնոլորտի մէջ շնորհաւորեցին Պատրիարք Հայրն ու եկեղեցւոյ բոլոր կամաւորները։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın