Երկուշաբթի, 8 Մայիս, 2023-ին, Անտիոքի եւ ամբողջ Արեւելքի Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Մոր Իգնատիուս Աֆրեմ II իր եպիսկոպոսներով այցելեց Հայոց Պատրիարքարան:
Պատրիարքարանի կամարին առջեւ Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Սուրբ Աթոռոյս Աւագ Թարգման՝ Տ. Վազգէն Աբղ. Ալէքեանի եւ Դիւանապետ՝ Տ. Աղան Աբղ. Գոգչեանի կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ վանքին դուռ, ուր Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը դիմաւորեց եւ ողջագուրուեցաւ Պատրիարք Սրբազան Հօր հետ, զոյգ Սարկաւագները վարդաջուր ցողեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր ձեռքին եւ առաջնորդեցին Պատրիարքարանի գաւիթ: Ապա Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան ուղեկցութեամբ Նորին Ամենապատուութիւնը մուտք գործեց Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճար, եւ Սբ. Գլխադրի սրբավայրին իր երկրպագութիւնն ու ուխտն ընելէ ետք կատարուեցաւ կարճ աղօթք մը, որմէ յետոյ Նորին Ամենապատուութիւնն առաջնորդուեցաւ Աւագ Խորանին առջեւ եւ հոն եւս կատարուեցաւ կարճ աղօթք մը, ապա Մայր Տաճարի մասին կարճ բացատրութիւն մը տրուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան:
Մայր Տաճարէն Ամենապատիւ Տ. Մոր Իգնատիուս Աֆրեմ II Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան թափօրով առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարան, ուր դիմաւորուեցաւ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի կողմէ:
Սուրբ Աթոռոյս Գահակալը ողջունեց Անտիոքի Պատրիարքը եւ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հայերն ու ասորիները մինչ օրս եղբայրաբար կը ծառայեն Հայաստանի մարտադաշտերու մէջ: Եւ այդպիսով, մեր ժողովուրդի եւ եկեղեցիներու միջեւ այս եղբայրութիւնն ու փոխադարձ յարգանքը սոսկ հոգեւոր կապ չէ, այլ նաեւ երկրային՝ ինչը կը փաստուի գործերով եւ հաւատքով»: Ապա Նորին Ամենապատուութիւնն Տ. Մոր Իգնատիուս Աֆրեմ II իր շնորհակալական խօսքն ըսաւ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Սուրբ Երկրի մէջ Հայ եւ Ասորի եկեղեցիներու միջեւ տիրող բարիդրացիական յարաբերութիւններու եւ այս այցով այդ աւելի ամրապնդելու համար: Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհալութիւն յայտնեց միաբան եղբայրներուն եւ մասնաւորապէս Սուրբ Աթոռոյս Դիւանապետ՝ Տ. Աղան Աբղ. Գոգչեանին, այս այցելութեան եւ Սրբատեղեաց մէջ իր կատարած պաշտօնական մուտքերը համաձայն Status Quo-ի խաղաղ եւ անխոչընդոտ կազմակերպելու համար:
Հանդիպման վերջաւորութեան, խորհրդանշական նուէրներ փոխանակուեցան զոյգ Պատրիարքներու միջեւ: Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեան շնորհաւորեց նաեւ Երուսաղէմի Ասորի եպիսկոպոս Գերշ. Տ. Անթիմոս Ճաք Յակուբին իր գահակալութեան առիթով եւ անոր նուիրեց ականակուռ պանակէ եւ խաչ:
Հիւրասիրութենէ ետք Նորին Ամենապատուութիւնն Տ. Մոր Իգնատիուս Աֆրեմ II Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան ուղեկցութեամբ մեկնեցաւ Պատրիարքարանէն:
Աղբիւր: ԵրուսաղէմիՍրբոցՅակոբեանցՄիաբանութիւն https://www.facebook.com/StJamesBrotherhood/
İlk yorum yapan siz olun