İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի օրհնութեամբ, Թորոնթօյի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ, 7 Մայիս 2023, Կիրակի, յետ միջօրէին, «Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւ իր առաքելութիւնը» նիւթով ներկայացում ունեցաւ Աթոռոյս միաբան՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Հանդիսութիւնը իրականացաւ, Արամ Իշնարի գլխաւորած Թորոնթօյի Պոլսահայ Միութեան կազմակերպութեամբ։ Հանդիսութեան ներկայ էին Առաջնորդական Փոխանորդ Արժ. Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեանն եւ Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանը

Հանդիսութեան սկիզբը ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արամ Իշնար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ եւ Հայր Սուրբին։ Ապա, Եդուարդ Պալեան ներկայացուց Հայր Սուրբին կենսագրութիւնը։

Յարութիւն Վարդապետ, նախ յայտնեց, որ Ս. Զատկի յաջորդող օրերուն Մոնթրէալի Առաջնորդարանի մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւնը, այս անգամ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Տէր Հօր խնդրանքով կը կրկնուէր Թորոնթօի մէջ։ Յաջորդիւ ներկայացուց Պոլսոյ Պատրիարքութեան, նուիրապետական աթոռ ըլլալու հանգամանքը եւ Հայ եկեղեցւոյ մէջ ունեցած կարեւոր առաքելութեան մասին խօսեցաւ։ Աթոռոյ հաստատութեան եւ զարգացման պայմաններուն ակնարկելով, ցոյց տուաւ, թէ աւելի քան 550 տարիներ կը գործէ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը եւ ներկայիս Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ կը շարունակէ իր պատմական առաքելութեան։

Հայր Սուրբը, Պոլսոյ համայնքային կեանքէն օրինակներ բերելով, յայտնեց, թէ՝ անցեալէն մինչեւ այսօր Պատրիարքութիւնը եղած է իր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ բնակող Հայերու հոգեւոր կեդրոնը։ Իր խօսքերուն մէջ շեշտեց, նաեւ, թէ՝ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը, ո՛չ միայն Պոլիս ապրած անձերու կը պատկանի, այլ իր եկեղեցանուէր ու համայնքային ծառայութեամբ ներդրում կը բերէ ընդհանրական Հայ Եկեղեցւոյ։ Այս առումով թելադրեց, որ սփիւռքահայութիւնը հետեւի Պոլսոյ եկեղեցական ու համայնքային կեանքին։ Տեղի ունեցաւ հարց֊պատասխան։

Ներկայացման աւարտին, Զարեհ Աւ. Քահանան, սրտի խօսք արտասանեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայր Սուրբին, որուն հանգամալից ներկայացումը բաւականին օգտական եղած էր։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Պոլսահայ Միութեան անդամներուն։ Տէր Հայրը յիշեցուց, թէ՝ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հողը օրհնուած էր Երանաշնորհ Շնորհ Պատրիարքի ձեռամբ եւ ճարտարապետն էր Պոլսեցի Թագւոր Յոբեան։ Այս առումով Պոլիսի ազդեցութիւնը զգալի էր Թորոնթօյի մէջ։ Ինք եւս այցելած ըլլալով, մօտէն ականատեսը եղած էր Պոլսոյ Պատրիարքութեան ունեցած կարեւոր ծառայութեան։ Այս առումով իր որդիական ակնածանքը փոխանցեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր եւ մաղթեց, որ Իր առաջնորդութեամբ Պատրիարքութիւնը միշտ մնայ հաստատ ու ներշնչող։ Նաեւ յաջողութիւն մաղթեց Հայր Սուրբին, իր ապագայ ծառայութեան մէջ։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın