İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՇԻՇԼԻԻ ԹԵՆԻՍԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԳՐԻԳՈՐ ՄԻՍԱՔԵԱՆԻ

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը երէկ կազմակերպեց թենիսի մրցաշարք մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Այս մրցաշարքը կազմակերպուած էր ի յիշատակ ակումբի բարեյիշատակ հիմնադիրներէն հոգելոյս Գրիգոր Միսաքեանի։ Այս եղանակին Շիշլի թենիսի յաջող դասընթացքներ կազմակերպեց, իսկ երէկուան մրցաշարքը եղաւ գագաթնակէտը։

Մրցաշարքի սկիզբին ելոյթ մը ունեցաւ ակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք։ Այս առթիւ ան մասնաւորապէս ողջունեց մեր երախտաշատ բարերարուհիներէն Մոնիք Երկանեանը, որ հոգելոյս Գրիգոր Միսաքեանի դուստրն է եւ ընդունած է հովանաւորել այս նախագիծը։ Մինչ շիշլիցի փոքրիկներ ծաղկեփունջ մը յանձնեցին Մոնիք Երկանեանին, Ալէն Թեքպըչաքն ալ անոր նուիրեց յուշապնակ մը։ Հարպիյէի «Հիլթըն» պանդոկի համալիրի քորթին մէջ, մրցաշարքի խորհրդանշական առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Մոնիք Երկանեանի եւ Ալէն Թեքպըչաքի միջեւ։

Այս ոգեւոր բացումէն վերջ մրցաշարքը շարունակուեցաւ օրուան տեւողութեան, իսկ աւարտին դափնեկիրներն ու կազմակերպիչները ստացան իրենց մրցանակները։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/8-05-2023-շիշլիի-թենիսի-մրցաշարքը՝-ի-յիշատակ-գրիգոր-միսաքեանի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın