İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑ՝ ԱՆԹԱԼԻՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Անթալիայի մէջ կիրակնօրեայ պաշտամունքի համար եւ մերազն հաւատացեալները այցելելու նպատակաւ մեկնեցաւ Անթալիա։ Իրեն կ’ընկերանային Բրկ. Հերման Ուր. Դպ. Գըր, Արեգ Գըր, Արէտ Տիքմէ, Էմանուէլ Խաչիկօղլու եւ Դանիէլ Գափլան դպիրներ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախաձեռնութեամբ ապահովուած էր Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի հրամանը ու Փիսիտիայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Յոբ Մետրոպոլիտի արտօնութիւնը: Ուստի 7 Մայիս 2023, Կիրակի առաւօտ, Անթալիոյ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հայածէս Սուրբ Պատարագ։

Նախքան Տէրունական Աղօթք, Հայր Սուրբը փոխանցեց օրուան պատգամը եւ ըսաւ թէ՝ այսօր թէ՛ Անթալիայի հայ համայնքի եւ թէ ներկայ հոգեւորականներու համար ուրախալի օր մըն է, որ կ՚ապրինք, որովհետեւ կրկին անգամ է, որ Ս. Պատարագ կը մատուցուի Անթալիայի մէջ: Հայր Սուրբը շեշտեց թէ Անթալիայի մերազն ժողովուրդն ալ նոյնքան թանկագին է եկեղեցւոյ համար:

Հայր Սուրբը շարունակեց իր քարոզին թէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ անդամներուն համար կարեւոր է Երեւման Ս. Խաչի յիշատակութիւնը, որովհետեւ առիթ մըն է ապաւինելու Սուրբ Խաչին եւ հասկնալու անոր իմաստը։ Հայր սուրբը շարունակեց իր քարոզը, ըսելով. Ո՞վ կրնար երեւակայել թէ այդ չարչարանքի գործիքը պիտի դառնար մարդկութեան փրկութեան բանալին։ Ուրեմն աղօթենք մեր Երկնաւոր Հօր, որ կրկին մեզի առիթը տայ հաւաքուելու ու բարաբանելու իր Անունը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի Հայր սուրբը առիթ ունեցաւ համախմբուելու եւ զրուցելու հաւատացեալներու հետ։ Իսկ ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այս տնօրինումին եւ Հայր Սուրբի ու ընկերակիցներու այցելութեան համար:

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın