İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ԷԼԱԶԸՂ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 2 Մայիս 2023, Երեքշաբթի իրիկուն, ցամաքի ճամբով Մալաթիայէն մեկնեցաւ Էլազըղ։

Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանային Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, գաւառի մեր համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Իսկենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեան։

Մեր Հոգեւոր Պետը Էլազըղի մէջ ծաղկեփունջով դիմաւորուեցաւ քաղաքաբնակ համայնքի անդամներէն Արման Եաղճըի եւ Արսէն Ալըշի կողմէ։

Կարճ հանգիստէ ետք, Նորին Ամենապատուութիւնն ու շքախումբը այցելեց Խարբերդ, ուր ընթրիքի սեղանով հիւրասիրուեցաւ Էլազըղի մեր ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն կողմէ։

ԱՅՑ՝ ԷԼԱԶԸՂԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ

Պատրիարք Հայրն ու շքախումբը 3 Մայիս 2023, Չորեքշաբթի առաւօտ, ժամը 10.30-ին այցելեց Կուսակալութիւն, ուր հիւրասիրուեցաւ Էլազըղի Կուսակալ Տքթ. Էօմէր Թորամանի կողմէ։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան իրականացման համար եւ ըսաւ որ տասնեակ տարիներ ետք, Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքէ ետք առաջին անգամ է, որ Հայոց Պատրիարքը կ’այցելէ Էլազըղի իր համայնքին։ Յայտնեց թէ Երկրաշարժէն ետք, եկած է այցելելու իր հօտին եւ աղօթելու իրենց հետ։

Կուսակալ Թորաման իր ուրախութիւնը յայտնեց այցելութեան համար, հետաքրքրուեցաւ քաղաքի Հայ համայնքի հետ եւ ըսաւ թէ կարելի պիտի ընէ այս փոքրիկ համայնքի բարօրութեան համար, քանի Հայոց ներկայութիւնը կենդանի փաստն է քաղաքի մէջ խաղաղ համակեցութեան։ Մեծայարգ կուսակալը տեղեկանալով որ երկրաշարժի շրջանին մէջ նաեւ Հայ հայրենակիցներ եւս մահացած էին, ցաւակցութիւն յայտնեց։

Նորին Ամենապատուութիւնը Կուսակալին նուիրեց Արսէն Եարմանի «Sağlık hizmetinde Ermeniler ve Surp Pırgiç Ermeni Hastanesi» ստուար հատորը, որուն Կուսակալ Թորաման փոխադարձեց վերարտադրուած պատմական յախճապակեայ պնակ մը նուիրելով։ Մեծայարգ կուսակալը որ ունի նաեւ ակադեմական աշխատանք նուիրեց իր հեղինակած կամ աշխատասիրած գիրքերէն նմոյշներ։

ԱՍՈՐՒՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները ժամը 11.30-ին այցելեցին քաղաքի Ասորւոց եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցան հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Մուշէ Տաղ Վրդ.ի առաջնորդած Ասորի համայնքի անդամներու կողմէ։ Իսկ աղօթատան մուտքին Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Ատըեամանի եւ շրջակայից Մետրոպոլիտ Մոր Կրիկորիոս Մելքի Իւրէքի կողմէ եւ ասորերէն շարականներով ու աղօթքներով առաջնորդուեցաւ Եկեղեցի։

Սրբազան Մետրոպոլիտը բարի գալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան եւ ընկերակիցներուն։

Պատրիարք Հայրը ողջունեց Մետրոպոլիտ Մոր Կրիկորիոսն ու Հոգշ. Մուշէ Վրդ.ը։ Անդրադարձաւ դաւանակից Ասորի եկեղեցիի հետ խաղաղ համակեցութեան եւ ըսաւ որ Հայեր այս քաղաքին մէջ դարերէ ի վեր կ’ապրին եւ որքան գեղեցիկ է որ կեանքի վերածուած է Քրիստոսի խօսքը, որ կ’ըսէ. «Անոնք մէկ թող ըլլան, ինչպէս որ մենք մէկ ենք»։ Քրիստոնեայ համայնքները քաղաքի հարստութիւններն են։ Նոյն յարասբերութիւնը կայ նաեւ Մալաթիոյ մէջ, որուն ականատես եղած էր նախորդ օր։

Երգուեցան հայերէն հոգեւոր երգեր, որոնցմէ ետք Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնեց ներկաները։

Ապա տեղի ունեցաւ պատուասիրութիւն։

Նորին Ամենապատուութիւնն ու շքախումբը հիւրասիրուեցան ճաշասեղանով։

ԷԼԱԶԸՂԻ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Ապա այցելութիւն տրուեցաւ Էլազըղի Շահինքայա գիւղը, որ պատմական Խուլվէնքի վայրն է։ Եաղճը ընտանիքը քաղաքաբնակ հայ համանքին յատկացուցած էր այստեղի հողամասը որ կը գործածուի մերազն ժողովուրդին կողմէ, որպէս գերեզմանատուն։ Այստեղ կայ աղօթատուն մը, որ բարեզարդուած է, որ կարելի պիտի ըլլայ յուղարկաւորութեանց առթիւ ցաւակցութիւն ընդունելու համար։

Գողտրիկ աղօթատան մէջ կատարուեցաւ ճաշու ժամ, ապա քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ ըսաւ թէ ուրախ է այստեղ ըլլալով, որպէս պատրիարք եւ մէկտեղուելու իր հօտին հետ։ Այս աղօթատունը ցուցիչն է մեր փոքր համայնքի գոյութեան, հաւատքին եւ խաղաղ համակեցութեան։

Յետ արարողութեան մկրտուեցաւ Արման-Մէրյէմ Եաղճը ամոլի դուստրը՝ Արիան, ձեռամբ գաւառի մեր համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի կողմէ։ Դրոշմը կատարեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն։

Խարբերդի տեսարժան վայրերը այցելելէ ետք, համայնքի անդամներուն հետ մէկտեղում կատարուեցաւ ընթրիքի սեղանի շուրջ։

ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Մեր Հոգեւոր Պետը առաւօտեան կանուխ ժամերուն օդային ճամբով վերադարձաւ Աթոռ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın