İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԻՇԱՏԱԿ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 24 Ապրիլ 2023, Երկուշաբթի, Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ապրիլեան Ս. Նահատակաց յիշատակութեան Ս. Պատարագին եւ բարեխօսական արարողութեան։

Ս. Պատարագը մատոյց Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Խաչիկ Սրկ. Սարըլըեան, Բրշ. Գէորգ Սրկ. Ներկիզեան, Բրշ. Ալէն Տիրան Սրկ. Ներկիզեան, Բրշ. Արմենակ Սրկ. Գազանճեան, կիսասարկաւագներ, ուրարակիրներ եւ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբերու կողմէ, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։ Դասին մէջ ներկայ էին Աթոռոյս միաբաններն ու քահանայից դասի անդամները ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան կարդաց Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմ. Ռէճէփ Թայյիպ Էրտօղանի պատգամը ( https://www.facebook.com/photo/?fbid=532000522469851&set=a.388050840198154

Ապա քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան վսեմաշուք Նախագահ’ Ռէճէփ Թայյիպ Էրտօղանին 24 Ապրիլի կապակցութեամբ ուղարկած պատգամին համար։ Պատրիարք Հայրը ընդգծեց այն, որ Վսեմաշուք Նախագահը ի պաշտօնէ նման վշտակցութիւն մը յայտնող Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջին բարձրաստիճան ղեկավարն է։ Նորին Ամենապատուութիւնը ի մէջ այլոց յատուկ շեշտադրութեամբ ընդգծեց Թուրքիա-Հայաստան երկկողմանի պետական յարաբերութեանց կարեւորութիւնը ամբողջ տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունացման համար։

Մեր Հոգեւոր Պետը, քարոզին մէջ մասնաւորապէս յիշեցուց 1915 թուականի տխուր դէպքերը, որոնց հետեւանքով նահատակուեցան հարիւր հազարաւոր Օսմանցի Հայեր։ Այդ ժամանակաշրջանին համամարդկային ընդհանուր կորուստը հասաւ մինչեւ 20 միլիոնի։ Պատրիարք Հայրը մէջբերելով խաչին վրայ աղաղակող Տէր Յիսուսին այն խօսքը, «Էլի՜, Էլի՜, լա՞մա սաբաքթանի» (Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ թողուցիր զիս) (Մրկ. 15.34) կատարեց Մեծ Եղեռնի մասին շատ ուշագրաւ հոգեւոր վերլուծումներ։ Մեր Հոգեւոր Պետը երկու ազգերու միջեւ աւելի համերաշխ եւ խաղաղ համակեցութեան մասին կիսեց նաեւ յատկանշական եւ առարկայական կարծիքներն ու առաջարկները։

Ապա կատարուեցաւ բարեխօսական կարգ խնդրելով Ապրիլեան սրբադասուած նահատակներու բարեխօսութիւնը։

Հանդիսութեան աւարտին, եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը սիրոյ սեղանով հիւրասիրեց Նորին ամենապատուութիւնը եւ հոգեւորականաց դասը։

Արարողութիւնը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/192238623623219

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın