Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի օրհնութեամբ, Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ Վաչէ Յովսէփեան Սրահին մէջ, 20 Ապրիլ 2023, Հինգշաբթի, ժամը 19.00-ին, Աթոռոյս միաբան՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան ներկայացուց «Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւ իր առաքելութիւնը» նիւթը։ Հանդիսութեան նախագահեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։
Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ յիշեցուց, թէ՝ Նորին Սրբազնութիւնը քանիցս Պոլիս այցելած ըլլալով, ականատեսը եղած էր Պատրիարքական Աթոռի շուրջ համախմբուած համայնքային կեանքին։
Ապա, անդրադարձաւ Պատրիարքական Աթոռոյ պատմականին եւ կարեւորութեան։ Հայր Սուրբը յայտնեց, որ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը մասնիկն է Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան։ Թէեւ ներկայիս Աթոռը տեղական պայմաններու մէջ կը գործէ եւ կը ջանայ Թրքահայոց հոգեւոր կարիքներուն հասնիլ, սակայն յատկապէս սփիւռքահայութիւնը պէտք է ուշադրութեամբ հետեւի Աթոռոյ գործունէութեան, նկատելով որ ծառայութիւնը համահայկական բնոյթ ունի։ Այս առումով ներկայացուց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր գահակալութեան շրջանին կատարուած գործունէութիւնները։ Հայր Սուրբը, նաեւ օրինակներ բերաւ Պոլսահայ աւանդութենէն, որոնք ներառուած են Գանատահայոց Թեմի վարչաձեւին եւ կանոններուն։ Տեղի ունեցաւ հարց֊պատասխան։
Ներկայացման աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Հայր Սուրբը։ Յայտնեց, որ Պատրիարք Հօր արտօնութեամբ, ան ժամանակաւորապէս կը գտնուէր Գանատայի մէջ եւ իր ներդրումը բերած՝ Աւագ Շաբթուան տօնակատարութեանց։ Այս առումով մաղթեց, որ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը, առաջնորդութեամբ Ամենապատիւ Տիրոջ, միաբանութեամբ եւ եկեղեցականաց դասով շարունակէ իր ծառայութեան ի պահպանութիւն դարաւոր աւանդութիւններուն եւ Պատրիարքութեան։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun