İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱԹԱՅԻ ՄԷՋ ԻՖԹԱՐ

Իսլամաց Ռամազան ամսուան առթիւ, Պէյօղլուի քաղաքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզի կողմէ, 19 Ապրիլ 2023, Չորեքշաբթի երեկոյ իֆթարի սեղան սարքուեցաւ երկրաշարժէ աղէտեալ Հաթայի մէջ։ Սեղանը կոչուած էր «Հաթայի միասնութեան սեղան»։

Հրաւիրեալներու կարգին ուշագրաւ էր երկրի ոչ-մահմետական կրօնապետներու եւ համայնքներու վարիչներու ներկայութիւնը։ Ընդառաջելով եկած հրաւէրին, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, նոյն միջօրէին օդային ճամբով մեկնեցաւ Հաթայ, իր հետ ունենալով Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը։ Մասնակցեցան նաեւ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Ասորւոց Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտը, Լատինաց Ստանպուլի Պապական փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ Եպս.ը, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը, Հրէից Խախամապետ Ռավ Իցհաք Հալէվան։

Հրաւիրեալներ Հաթայի մէջ այցելեցին աղօթավայրեր, ինչպէս խաւրա, մզկիթ, եկեղեցի եւ Ս. Պետրոսի քարայր-եկեղեցին։ Այս վայրերուն մէջ աղօթք վերառաքուեցաւ։ Այցելութիւն տրուեցաւ նաեւ երկրաշարժէ վնասուած թաղամասերու։

Ժամը 19.19 սկսաւ իֆթարի ընթրիքը, որու ընթացքին տեղի ունեցաւ իսլամական հոգեւոր երգեցողութիւն, ապա ելոյթներ ունեցան կրօնապետներ եւ այլ հրաւիրեալներ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ Հաթայն ու Պէյօղլուն իրարու կը նմանին Իրենց սահմաններուն մէջ ապրող զանազան դաւանանքներէ, կրօնքներէ ու ցեղերէ ժողովուրդներով։ Այս մէկը հարստութիւն մըն է։ Եւ ասոր բարիքը բոլորս տեսանք, երբ աղէտի օրերուն աշխարհի չորս կողմերէն մարդիկ օժանդակութեան փութացին։ Մեր Հոգեւոր Պետը իր խօսքի աւարտին շնորհաւորեց Իսլամաց Ռամազան ամիսը եւ մօտալուտ Ռամազանի Տօնը, մաղթելով, որ անոնք բարիքներու առիթ ըլլան։

Ընթրիքի փակման խօսքը արտասանեց Ազգային Մեծ Ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շէնթօփ։

Հրաւիրեալներ նոյն գիշերուան թռիչքով վերադարձան քաղաքս։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın