Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ համայնքի յայտնի դէմքերէն Արեգ Գույումճեան։ Յայտնի ձեռներէց մըն էր Արեգ Գույումճեան, որ տասնամեակներ շարունակ յաջողած էր պատնէշի վրայ մնալ գործարար աշխարհէ ներս։ Իր գործունէութիւնը կ՚ընդգրկէր զանազան բնագաւառներ։
Բաց աստի, Արեգ Գույումճեան մարզական աշխարհէն ներս ալ կը համարուէր վառ անհատականութիւն մը։ Թուրքիոյ Ձիավարիկներու ակումբի անդամներէն էր։ Ձիարձակարաններէ ներս կը համարուէր հեղինակութիւն, քանի իր ձիերը կը նուաճէին առաջնութիւններ։
Իր կորուստով թրքահայ համայնքային կեանքէն կը պակսի կարկառուն դէմք մը, որ լայն հասարակութեան մէջ համբաւ կը վայելէր։
Յուղարկաւորութեան վայրն ու թուականը առանձնապէս կը հրապարակուին ընտանեկան մահազդով։
http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/17-04-2023-մահ՝-արեգ-գույումճեանի
İlk yorum yapan siz olun