İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԶԱՏԿԱԿԱՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 16 Ապրիլ 2023, Նոր Կիրակի, յետ միջօրէին, ընդունեց Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի Ս. Զատկի առթիւ այցելութիւնը։

Քաղաքապետ Իմամօղլուի կ’ընկերանային նախկին լիազօր դեսպան Նամըք Թան, Մայր Քաղաքապետութեան Ընդհանուր Քարտուղարի օգնական Մահիր Փօլաթ։ Իսկ Նորին Ամենապատուութեան քով ներկայ էին Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսքոֆեանն ու անդամներ, Պատրիարքարանի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի ատենապետ Հերման Գավաֆեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց Մեծայարգ Քաղաքապետ Իմամօղլուին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց զինք Պատրիարքարանի սրբազան յարկի ներքեւ տեսնելով։ Ըսաւ, որ այս օրերուն ինք աւելի ծանրաբեռնուած է, սակայն ընտրութիւններն ալ կարեւոր են։

Մեծայարգ Քաղաքապետը Նորին Ամենապատուութեան յայտնեց թէ կու գայ Ստանպուլի նման մեծ քաղաքի մը քաղաքապետի հանգամանքով շնորհաւորելու Հայոց Պատրիարքին եւ անոր անձին մէջ Հայ համայնքին Ս. Զատկի տօնը։ Ճիշդ է, որ դժուար ժամանակներ են եւ տարւոյն սկիզբի երկրաշարժները ցաւ պատճառեցին բոլորիս։ Եւ ինք Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետի հանգամանքով կը ջանայ առաւելագոյնը ընել, որպէսզի մեր ժողովուրդը աւելի լաւ պայմաններու ներքեւ ապրի։

Մեծայարգ հիւրը իր խօսքի աւարտին ըսաւ, որ չի սիրեր «փոքրամասնութիւն» բառը եւ եկած է այս երկրին բնական տարրերուն՝ Հայերու Ս. Զատիկը շնորհաւորելու։

Սիրալիր տեսակցութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը զատկական կարմիր հաւկիթ նուիրեց Մայր Քաղաքապետ Իմամօղլուին եւ յաջողութիւն մաղթեց իր ծառայութեան մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın