Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբաններէն Հոգշ. Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեան, որ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրաւէրով եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Ս. Զատկի հանդիսութեանց մասնակցելու նպատակաւ քաղաքս կը գտնուի, հանդէս եկաւ իր նկարներու անհատական ցուցահանդէսով։
Պատրիարքական Աթոռոյ եւ Փարոս հրատարակչութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած ցուցահանդէսի բացումը կատարուեցաւ 12 Ապրիլ 2023, Չորեքշաբթի երեկոյեան, Փանկալթըի Մարքի ցուցասրահին մէջ։
Բացման ներկայ եղաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, հոգեւոր հայրեր եւ արուեստասէր հասարակութիւն մը։
Ցուցահանդէսը, իր արուեստի արժէքին առընթեր ունէր նաեւ մասնաւոր նշանակութիւն մը, որ արուեստագէտ Հայր Սուրբը ցուցահանդէսի եկամուտին կէսը կը նուիրէր Իսկենտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի աղէտեալ մեր համայնքի վերականգնման։
Ցուցահանդէսի բացման ելոյթ ունեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգշ. Տ. Ներսեհ Վրդ.ին, որ իր աշխատանքներու եկամուտէն բաժին հանեց Իսկենտէրունի եւ Վաքըֆգիւղին, ինչպէս նաեւ «Փարոս» հրատարակչութեան, կազմակերպութիւնը ստանձնած Մայտա Սարիսին եւ Արթին Քահրամանին, որու պատկերասրահին մէջ բացուեցաւ այս իմաստալից ցուցահանդէսը։ Պատրիարք Հայրը յոյս յայտնեց, որ մեր գիտակից ժողովուրդը, պիտի գիտնայ կարեւորութիւնը այս կերպով օգնութեան ձեռք մեկնելու։
Հայր Սուրբը եւս իր խօսքով հանդէս եկաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան եւ այս ցուցահանդէսի բոլոր երախտաւորներուն։
Ցուցադրուեցան Հայր Ներսեհի 23 աշխատանքները, որոնք ուշադրութիւն գրաւեցին իրենց արդիական ոճով եւ վառ գոյներու գեղեցիկ ընդելուզմամբ։
Ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ 15 Ապրիլ, Շաբաթ։
ՆԵՐՍԵՀ ՎՐԴ. ԽԱԼԱԹԵԱՆ
Ծնած է 1972ին Թիֆլիսի մէջ։ Աւարտած է Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, ուր ընդունուած է 1989ին։ Ստանձնած է Էջմիածնի թանգարաններու պատասխանատուութիւնը։ 1996 թվականին ընդունվել է Էջմիածնի միաբանութեան անդամ։ Նշանակուած է Սուրբ Գայանի եւ Ս. Գեղարդ վանքերու վանահայր։ Մասնակցած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Վարչագիտութեան դասընթացներուն: 2006ին նշանակվուած է Հիւսիսային Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ։ 2016ին դարձած է Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ։
Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ բացած է բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ եւ մասնակցած՝ բազմաթիւ խմբային ցուցահանդէսներու։ Իր աշխատանքները կը գտնուին Էջմիածնի գանձատան, դիւանատան եւ մատենադարանի հաւաքածոներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ժամանակակից արուեստի թանգարանի եւ մասնաւոր զանազան հաւաքածոներու մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun