Համայնքային հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, Ս. Յարութեան տօնին առիթով, 12 Ապրիլ 2023, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։
Տիկիններու աւանդական այցելութիւնը սկսաւ աղօթքով, ապա Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհաւորեց Ս. Յարութեան Տօնը։ Գնահատանքով արտայայտուեցաւ կանանց համայնքային կեանքէ ներս ունեցած կարեւոր դերերուն մասին։ Մաղթեց որ յետ այսու զանազան հաւաքոյթներով կատարուին խորհրդակցութիւններ եւ կիներու գործունէութեան դաշտը աւելի ընդարձակուի։ Տիկինները Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին, քանի որ Իր տնօրինութեամբ համացանցի կարելիութիւնները օգտագործուած էին եւ Պատրիարքական Աթոռի կայքէջէն ժողովուրդը առիթը ունեցած էր կիրակնօրեայ արարողութեանց հետեւելու, մանաւանդ կատարուած բովանդակալից քարոզխօսութիւններով հաղորդ դառնալու Աստուծոյ Խօսքին եւ մեր աւանդութիւններուն, եւ այս բոլորը մխիթարութեան առիթներ կ՚ընձեռէին հաւատացեալներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց մայրենի լեզուի կարեւորութիւնը եւ լաւագոյն դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը։ Յիշեցուց, թէ մայրենի լեզուին անծանօթ մնացած հաւատացեալները եւս իրաւունք ունէին իրենց պատկանած եկեղեցիէն հոգեւոր սնունդ ստանալու եւ որպէսզի այդ կեանքի կոչուէր եկեղեցին սփիւռքի պայմաններուն մէջ կը ստիպուէր գործածել տեղական լեզուները։ Հետեւաբար իրաւունք չունինք փախուստ տալու այս պատասխանատուութենէն։ Որովհետեւ անոնք եթէ հոգեւոր սնունդ չստանան իրենց եկեղեցիէն, հարկադրաբար կը դիմեն այլոց։
Տիկիններ իրենց ուրախութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին աւանդական սոյն ընդունելութեան համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը իր օրհնութիւնը տալէ յետոյ բաժնեց Զատկուան հաւկիթներ, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ նոր հրատարակութիւնը՝ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի «Գունագեղ Կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ» հատորի թրքերէն թարգմանութիւնը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun