İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ համայնքային ընդունելութեան ընթացքին կարեւորութեամբ անդրադարձաւ, որ մօտաւոր ապագային երկրի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն ընդառաջ համայնքային շրջանակները ինչպէս միշտ, պիտի հիւրընկալեն քաղաքական շրջանակներէ գործիչներ։ «Նկատի ունենալով, որ ընտրութիւններու թուականը մօտեցած է՝ քաղաքական կամ կուսակցական շրջանակներէ այցելուներ պիտի ունենանք։ Հիւրերը պէտք չէ ընդունինք մեր եկեղեցիներուն, սրբավայրերուն մէջ, այլ անոնց հետ պէտք է մէկտեղուինք յարակից վարչական շէնքերու մէջ։ Ս. Պատարագներու ընթացքին քաղաքական գործիչներու եկեղեցիներու դասերը մուտքն ու ելքը անպատշաճ կացութիւն կը ստեղծէ եւ հաւատացեալներու երկիւղը կը խանգարէ, ինչ որ պէտք է անպայման կանխել», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը հաւաքոյթի ընթացքին։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/10-04-2023-ընտրութիւններու-սեմին-զգուշացում

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın