Պատրիարքական Աթոռոյս հոգեւոր իշխանութեան ենթակայ եկեղեցիներու մէջ Աւագ Շաբթուանընթացքին կատարուեցան կանոնական արարողութիւններ եւ քարոզխօսութիւններ։
Նոյն առթիւ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրաւէրով եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն ՀայոցԿաթողիկոսի օրհնութեամբ քաղաքս ժամանեցին Հոգշ. Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեան եւ Հոգշ. Տ. Մինաս Աբղ. Հախվէրտեան, որոնք եւս մասնակցեցան արարողութեանց։
Այսպէս Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 4 Ապրիլ 2023, Աւագ Երեքշաբթի երեկոյեան, ՏասնԿուսանաց յիշատակի արարողութեան նախագահեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ մէջ եւքարոզեց։ Նոյն առթիւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղյ. Տօնիկեան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. ՍերովբեանՖերիգիւղի Ս. Վարդանանց, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղյ. Կարապետեան Ս. Աստուածածին ԱթոռանիստՄայր եկեղեցիներու մէջ արարողութեանց հանդիսապետեցին եւ քարոզեցին։
Աւագ Հինգշաբթի (5 ապրիլ 2023), Ընթրեաց Ս. Պատարագին Նորին Ամենապատուութիւնընախագահեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ եւ քարոզեց։ Նոյն առթիւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. ՕհանեանԵնիգիւղի Ս. Աստուածածին, Հոգշ. Տ. Մինաս Աբղյ. Հախվէրտեան Գատըգիւղի ս. Թագաւոր, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղյ. Տօնիկեան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեան ՖերիգիւղիՍ. Վարդանանց, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղյ. Կարապետեան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայրեկեղեցիներու մէջ արարողութեանց հանդիսապետեցին եւ քարոզեցին ։
Իսկ Ոտնլուայի կարգին Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց եւ քարոզեց Ս. ԱստուածածինԱթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ։ Նոյն առթիւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին, Հոգշ. Տ. ՇնորհքԱբղյ. Տօնիկեան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեան Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցիներու մէջ արարողութեանց հանդիսապետեցին եւ քարոզեցին։
Խաւարման Կարգին Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց եւ քարոզեց Ս. ԱստուածածինԱթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ։ Նոյն առթիւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղյ. Տօնիկեան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիներու մէջ արարողութեանց հանդիսապետեցին եւքարոզեցին։
Յաջորդ օր՝ 7 Ապրիլ 2023, Աւագ Ուրբաթ միջօրէին, Խաչելութեան Կարգին ՆորինԱմենապատուութիւնը նախագահեց եւ քարոզեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ։
Նոյն երեկոյեան, Թաղման կարգին Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց եւ քարոզեցՊէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյն առթիւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան ՊէշիկթաշիՍ. Աստուածածին, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին, Հոգշ. Տ. ՄինասԱբղյ. Հախվէրտեան Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղյ. Կարապետեան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցիներու մէջ արարողութեանց հանդիսապետեցին եւքարոզեցին։
Ս. Զատկի Ճրագալոյցին՝ 8 Ապրիլ 2023, Աւագ Շաբաթ երեկոյեան Նորին Ամենապատուութիւնընախագահեց եւ քարոզեց Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյն առթիւ Գերշ. Տ. ԱրամԱրքեպս. Աթէշեան Սկիւտարի Ս. Խաչ, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին, Հոգշ. Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղյ. Տօնիկեան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեան Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ, իսկ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղյ. Կարապետեան Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցիներու մէջարարողութեանց հանդիսապետեցին եւ քարոզեցին։
Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան տաղաւարին՝ Ս. Զատկի տօնական առթիւ, 9 Ապրիլ 2023, Կիրակի առաւօտ, Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց եւ քարոզեց Ս. ԱստուածածինԱթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ։ Նոյն առթիւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին, Հոգշ. Տ. Ներսեհ Վրդ. ԽալաթեանՂալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Հոգշ. Տ. Մինաս Աբղյ. Հախվէրտեան Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղյ. Տօնիկեան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. ՍերովբեանՊոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցիներու մէջ արարողութեանց հանդիսապետեցին եւքարոզեցին։
Տօնական առթիւ, Հաթայի եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Վաքըֆգիւղի մէջ։ Նկատի ունենալով, որ գիւղիեկեղեցին երկրաշարժէն վնասուած էր, արարողութիւնը կատարուեցաւ Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի անուան հիւրանոցի սրահին մէջ։
Տաղաւարի տօնակատարութեան համար, Նորին Ամենապատուութեան հրահանգովՏիգրանակերտ փութաց Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, որ տեղւոյն Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց եւ մեր Հոգեւոր Պետին Սուրբ Զատկի պատգամը կարդաց։
Ս. Զատկի յետ միջօրէին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ Յարութիւն ԱմիրաՊէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային ընդունելութիւն, որու ընթացքին միաբանհայրեր, հոգեւորականներ եւ համայնքային վարիչներ ի մի հաւաքուելով շնորհաւորեցին մերՀոգեւոր Պետին եւ իրարու Ս. Յարութեան տաղաւարը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun