«Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ
Յարութեամբն իւրոյ մեզ զկեանս պարգեւեաց»
Ահաւասիկ մեր եկեղեցիներու զանգերը զատկական ցնծութեամբ նորէն կ’աւետեն Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը: Եօթը շաբաթներէ ի վեր աղօթքով, ապաշխարութեամբ, ծոմապահութեամբ, բազմաթիւ եկեղեցիներու տրուած ուխտի այցելութիւնննեով, ողորմութիւններով, նուիրատուութեամբ եւ նման հոգեւոր վարժութիւններով պատրաստուեցանք Սուրբ Զատիկին՝ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան փառաշուք տօնին: Տօնակատարումը պիտի տեւէ քառասուն օր՝ մինչեւ Համբարձման Տօնը, եւ մինչ այդ զիրար պիտի ողջունենք, ըսելով. «ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ»:
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս «մեր մեղքերուն պատճառաւ մեռաւ, թաղուեցաւ եւ երրրորդ օրը յարութիւն առաւ, ու երեւցաւ Պետրոսին եւ ապա տասնըմէկ առաքեալներուն: Յետոյ երեւցաւ միատեղ խմբուած հինգ հարիւրէ աւելի հետեւորդներու… Այնուհետեւ երեւցաւ Յակոբոսին եւ ապա բոլոր առաքեալներուն» (Ա. Կորն. 15.3-7)։
Ս. Զատիկի Յարութեան զօրութիւնը հաւատքով է որ կրնանք ստանալ: Այս հաւատքին հիմքը կը կազմէ այն համոզումը, որ Աստուած ունենալով կեանքի եւ կենդանութեան լրիւ աղբիւրները իր իշխանութեան ներքեւ կրնայ շնորհել նորոգուած կեանք անոր, որուն կը կամենայ: Արարածները ոչինչէն ստեղծող Արարիչի համար դժուարին գործ մը պէտք չէ համարել ննջեցեալներուն մէջ նոր շունչ փչելով վերստին կեանքի կոչել զանոնք: Մեռելներուն յարութիւն տալ արարչագործութեան ամենէն փաստացի եղելութիւնն է մեր աչքերուն առջեւ կատարուած ամէն գարուն: Մահը մեզ ոչնչացումի չի յանձներ, այլ խորունկ քունի մը թեւերուն՝ օր մը արթնցնելու պայմանով: Քրիստոս եղաւ անդրանիկը մեռելներէն արթնցողներուն, որ իշխանութիւն ունի այլեւս մահուան վրայ իր ուզածը արթնցնելու յաւիտենական կեանքի համար: Այս մէկը յոյժ էական ու հետաքրքրաշարժ նիւթ մըն է մտածող միտքերու համար: Պօղոս Առաքեալ իր մեծագոյն փափաքը ըլլալով կը հռչակէ. «ճանչնալ Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոսը եւ Անոր Յարութեան զօրութիւնը» (Փիլիպ. 3.1-11):
Տիեզերական է մահուան ազդեցութիւնը եւ անոր սահմանները՝ անծայրածիր: Պարզ է, որ մահուան հետ հաշուեյարդարի նստիլը գերիվեր է մարդկային կարողութենէն, ու նոյնիսկ երեւակայութեան սահմանները գերազանցող պայքար մը՝ բացարձակ պարտութեան ենթակայ: Անոր ոյժը կարելի է խափանել միայն Աստուածային միջամտութեամբ: Կենաց եւ մահուան խնդիրներուն մէջ վերջին խօսքը Աստուծոյ կը պատկանի: Իսկ մեզի կը մնայ հնազանդութեամբ ենթարկուիլ իր հայրական տնօրինութեան: Մարդը ուրիշ որեւէ ճար չունի բացի հաւատքով ու յոյսով վստահելէ Աստուծոյ խոստումներուն:
Չորս օրուայ մեռեալին՝ Ղազարոսին քոյրը Մարթան կ’ափսոսար Տէր Յիսուսին առջեւ լաց լինելով անյոյս տխրութեան մը մէջ մխրճուած. «Տէր, եթէ հոս ըլլայիր, եղբայրս չէր մեռներ»: Տէր Յիսուս Մարթային եւ մեր նայուածքները մահէն դէպի Աստուած ուղղել կը փորձէ որպէս ոսկի բանալին՝ ամէն խնդրի լուծման: «Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք. ով որ կը հաւատայ ինծի, թէպէտ մեռնի ալ, պիտի ապրի. իսկ ով որ կենդանի է եւ կը հաւատայ ինծի՝ յաւիտեան պիտի չմեռնի: Կը հաւատա՞ս ասոր» (Յովհ. 11.25)։
Տէր Յիսուսի այս հարցումը միմիայն Մարթային չէ ուղղուած, այլ բոլոր անոնց՝ որոնք սա կամ նա կերպով կը ստանան Քրիստոսի յարութեան աւետիսը, որ դէմ դիմաց կը թողու լսողը՝ հաւատալու կամ մերժելու: Քանի որ մարդուն անկումը անհաւատութեան պատճառով եղաւ, անոր փրկութեան դեղն ալ հաւատքն ըլլալու էր: Առանց հաւատքի կարելի չէ Աստուծոյ հաճելի դառնալ: Հաւատքը կոյր համոզում մը չէ, այլ ընտրութիւն մը, զոր կը կատարենք բաւարար փաստերու հիման վրայ: Հաւատքի այս փաստերուն կը պատասխանենք ո՛չ միայն միտքով, այլ՝ հոգւով ու սրտով, որովհետեւ ճշմարտութեան ձայնը չի լսուիր միայն ուղեղով, այլ նաեւ լուսաւորուած հոգիի աչքերով: Եթէ Աստուած կայ եւ մեր Արարիչն է, պիտի վստահինք Անոր, Աստուածային տնօրինութիւնները դարձնելով մեր կեանքի նպատակը եւ իմաստը:
Կեանքի մեծագոյն գիւտը այն է, որ մենք չենք այս կեանքի տէրը, այլ որպէս շնորհք կը ստանանք զայն անտեսանելի աղբիւրէ մը: Կաթիլ մը կեանք շնորհուած է մեզի Կեանքի Անսպառ Ովկիանոսէն: Մահը ուրիշ բան չէ, այլ սպառումը այդ կաթիլ մը ուժանիւթին: Աստուած Ի՛նքն է այդ Ովկիանոսը, Աղբիւրը եւ Պատճառը մեր կեանքին: Դժուար ըլլալու չէ Իրեն համար մեր ցամքած հոգիները վերստին արթնցնելը, ինչպէս սերմը կը ծլի երբ ծծէ անձրեւն իր մէջ:
Որպէսզի ոեւէ մարդ չհպարտանայ մահը յաղթահարած ըլլալու յաջողութեամբ, Աստուած Ի՛նք որոշեց լուծել այս հարցը Իր Որդիին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ: Իր դատարկ գերեզմանը մեր առջեւ կը դրուի որպէս երկընտրանք՝ փրկութեան կամ կորստեան: Կամ պիտի հաւատանք Աւետարանէն մեզի փոխանցուած բարի լուրին՝ «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց», որ երկու հազար տարիներ հնչեց այս երկրագունտի չորս ծագերուն. կամ պիտի մերժենք որ Աստուած յարութիւն տուած է իր Օծեալին եւ օր մը անոր գերեզմանին պէս պիտի պարպէ աշխարհի բոլոր գերեզմանները: Եթէ ժխտենք այսպիսի բարի լուր մը, կը դատապարտենք մեր անձերը կորուստի, ոչնչացման եւ յաւիտենական անէծքի: Եթէ մերժենք մեզ հրաւիրող Աստուածային փրկարար Աջը, մահը կը շարունակէ թագաւորել մեր վրայ եւ մենք պիտի շարունակենք դողդողալ անոր թանձր ստուերին տակ: Այսպիսիներուն համար մեր Տէրը իր արդար վճիռը արձակած է. «Եթէ մէկը շահի ամբողջ աշխարհը սակայն կորսնցնէ իր կեանքը, ի՞նչ շահած կ’ըլլայ» (Ղուկ. 9.25):
Ահա՛ այս հաւատքով մեր հոգիներուն վրայ կնիք կը ստանանք արդարներու փառքի յարութեան արժանանալու համար: «Որովհետեւ կը հաւատանք Իրեն, որ մեռելներէն յարուցանեց Յիսուսը, մեր Տէրը, որ Իր կեանքը տուաւ մեր յանցանքները ջնջելու համար, եւ յարութիւն առաւ՝ մեզ արդարացնելու համար» (Հռոմ. 4.24-25):
Յարութեան հրաշքը մէկ անգամ պատահեցաւ, սակայն Յարուցեալը մի՛շտ մեզի հետ է: Յարուցեալ Փրկչի անսասանելի խոստումն է մեզի. «Ահաւասիկ ես ձեզի հետ եմ բոլոր օրերը՝ մինչեւ աշխարհի վախճանը» (Մատթ. 28.20): Ուստի Տէր Յիսուս միայն պատմութեան կամ կրօնագիտութեան գիրքերու մէջէն ուսանելի պատմական դէմքերէն մէկը չէ, այլ՝ կենդանի եւ կենդանացնող զօրութիւն մը: Ինչպէս գարունը եւ գարնան հրաշալի ծաղկումը միմիայն բանաստեղծներէն չենք լսեր կամ նկարներէն չենք դիտեր, այլ՝ կրնանք շնչել ծաղիկներու բուրմունքը, քաղել ծառերու պտուղները՝ նոյնպէս Քրիստոսի յարութեան զօրութիւնը հաւատացեալներու կեանքին մէջ ներկայ է ընդմիշտ:
Այս հոյակապ հաւատքի ներմուծած յոյսը ունինք մեր հոգիներուն մէջ: Յոյս մը, որ կը քաջալերէ մեզ դիմագրաւելու կեանքի բոլոր դժուարութիւնները եւ ուրախ երգ մը կը դնէ մեր շրթներուն վրայ.
«Փա՜ռք յարութեան Քո, Տէ՜ր: Ես ոչ դադարեցայց, Փրկիչ, փառաւորել զՔեզ զամենայն աւուրս կենդանութեան իմոյ»:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
*
Քրիստոսի հրաշափառ եւ կենսանորոգ Տօնին առիթով կ’ողջունենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր։ Քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ’ողջունենք նաեւ մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսներն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական Խորհուրդի, Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի եւ իրեն ենթայանձնախումբերու, Տիկնանց եւ Հայ Մենթի-Մենթոր Յանձնախումբերու անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժ քոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները, Մարմնամարզական եւ Հայրենակցական Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, Պատրիարքական Աթոռոյս ինչպէս նաեւ բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը՝ մաղթելով բոլորին Սուրբ Յարութեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Յատուկ օրհնութեամբ կ’ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Գաւառի Հայոց Տեսուչը եւ գաւառի մէջ բնակող մերազն ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։
Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան Տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները վասն պայծառութեան Աթոռոյս։
Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։
Մեր հայրական սրտագին սէրն ու ողջոյնները կ՚առաքենք սփիւռքի մէջ գործող Ս. Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսաեան ու Մխիթարեան Վարժարաններու Սանուց Միութեանց Վարչութիւններուն, Պոլսահայ Միութիւններուն ու մերազն ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք նեղ պայմաններու մէջ կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրենց աւանդութիւններուն։
Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Սուրբ Յարութեան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։
Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ։
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։
Հայրական սիրոյ ողջունիւ եւ աղօթիւք ի Քրիստոս
ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ
4 Ապրիլ 2023
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun