Պատրիարքական Աթոռոյս քահանայից դասու անդամներէն Արժ. Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան անցեալ շաբաթ փոխադրուած էր Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոց, ուր ոսկրաբեկումի գործողութեան մը ենթարկուած էր, քանի յայտնուած էր, որ Տէր Հօր կոնքոսկրը կոտրուած է։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 2 Ապրիլ 2023, Կիրակի, Դռնբացէքի արարողութենէն ետք, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մէջ այցելութիւն տուաւ Արժ. Տ. Մաշտոց Քհնյ.ին։
Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւն առաւ Տէր Հօր առողջական վիճակի մասին, արագ ապաքինում մաղթեց եւ զրուցեց իր հետ։
Տէր Հայրը խորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց մեր Հոգեւոր Պետին հայրական խնամքին ու այցելութեան համար։
Պատրիարք Հայրը աղօթեց ու անգամ մը եւս արագ ապաքինում մաղթեց Տէր Հօր։
Տէր Հօր առողջութիւնը արդէն իսկ կը բարելաւուի եւ քանի մը օրէն պիտի վերադառնայ իր բնակարանը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun