İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵՐ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑ ՆԱԶԱՐ ՀԱՆՉԷՐ՝ ՅԱՆԿԱՐԾԱՄԱՀ

Օրը այսօր ալ բարի չսկսաւ մեզի համար։ Յուզումով լսեցինք մեր մարզական աշխատակից Նազար Հանչէրի մահուան բօթը։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն յանկարծամահ եղաւ, սուգի մատնելով կինն ու դուստրերը։ Տարիներ առաջ սիրտը սնուցանող երակներուն վրայ «սթէնտ» դրուած էր, բայց շատ լաւ հոգ կը տանէր սրտին ու առողջութեան։ 
Արդէն մարզանքի մեծ սիրահար էր։ Կրնանք ըսել որ մեր քաղաքի մէջ մարզանքի գծով նուիրեալ «դեսպան»ն էր, Հայաստանի հետ «մարզական կամուրջ»ը, կեանքը նուիրելով բոլոր մարզաձեւերուն։
Գարագիւղի մէջ իր գործատեղին ունէր, բայց որեւէ պահու կրնար գործը ձգել ու աշխոյժ երիտասարդի մը նման վազել ու հասնիլ, առաջնորդ հանդիսանալ, օգնել երբ Հայաստանէն մարզական պատուիրակութիւն մը կամ մարզիկներ գային Իսթանպուլ՝ մրցումներու համար։ Իրեն համար բոլոր մարզաձեւերը սիրելի էին, Հայաստանէն կամ արտասահմանէն ժամանած հայ մարզիկներուն հետ օրը կþանցընէր եւ ուղեցոյց կը հանդիսանար սիրով եւ պատրաստակամ ոգիով։
Անթիւ-անհամար լուսանկարներ ունէր զանազան մրցաշարքերէն։ Թղթակցութիւններով կ’աշխատակցէր մեզի, պոլսահայ մամուլին։ Երբ խումբի մը ընկերանար, անպայման կþուզէր որ մե՛նք ալ խօսէինք, մենք ալ յարգանք ցոյց տայինք Հայաստանէն ժամանած այդ պատուիրակութիւններուն։ Եթէ կարեւոր հիւր մը կամ հիւրեր ժամանած ըլլար, միշտ զանոնք խմբագրատուն կ’առաջնորդէր համայնքն ալ հաղորդ դարձնելու նպատակով։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-1/290323lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın