İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԱՂԷՏԷՆ ՏՈՒԺԱԾՆԵՐՈՒ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ահաւոր երկրաշարժի աղէտէն տուժածներու համար առաջին իսկ օրէն օժանդակութիւններ ուղարկուած էին երկրաշարժի գօտի։ Հաթայ նահանգի սահմաններէն ներս գործող մեր եկեղեցիները եւ անոնց կողքին ապրող բնակիչներ վնասներ կրած էին։ Յատկապէս Իսկենտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի մէջ ապրող մերազն ժողովուրդը իրենց հարեւաններուն նման մատնուած էին վրանաբնակ կեանքի պայմաններուն։

Այս առումով 29 Մարտ 2023, Չորեքշաբթի, ժամը 16.00-ին խորհրդակցական հանդիպում մը կայացաւ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ էին Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ, Միւրզեան եւ Հաթայի Եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւ եւ Գաւառի Համայնքներու Տեսուչ՝ Արժ. Տ.Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։

Սոյն հանդիպումին հրաւիրուած էին համայնքային վարչայիններ, որոնք աղէտեալներու օժանդակութեան կապակցութեամբ աշխատանք տարած էին։

Հանդիպումը սկսաւ Նորին Ամենապատուութեան արտասանած աղօթքով։ Ապա ներկայացուեցաւ հաշուետուութիւն, որով բացատրութիւն տրուեցաւ օժանդակութեամբ գոյացած եկամուտներու եւ ի նպաստ աղէտեալներու կատարուած ծախսերու եւ յատկացուած օժանդակութեանց մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը հանդէս եկաւ բացման խօսքով եւ պարզեց հաւաքոյթի նպատակը։ Յիշեցուց, թէ ի սկզբանէ կատարուած էին սննդանիւթի եւ այլ կարիքներու դիմագրաւման արշաւներ, սակայն այժմ ժամանակը հասած էր, որ մնայուն կարգադրութիւններ կատարուէին տնազուրկ ազգայիններու այս կարեւոր պակասը լրացնելու ուղղութեամբ։ Մեր Հոգեւոր Պետը շեշտեց, թէ առանձինն որոշում տալ եւ զայն գործադրելը անպատեհ կը նկատէր եւ ճիշդ կը նկատէր, որ այն աշխատութիւնները որոնք յառաջ կը տարուէին ի նպաստ վէրքերու դարմանման՝ շարունակուէին այս հաւաքոյթին ձայնովը։

Այս ուղղութեամբ կարեւոր նկատեց, փոքր յանձնախումբերու կազմութիւնը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի ունենար իր դիւանը եւ պիտի աշխատէր իրեն սահմանուած գործունէութեան սահմաններուն մէջ՝ ունենալով նաեւ կանոններ։

Այս ուղղութեամբ կարեւորեց շինութեան, իրաւաբանական, հաշուակալական եւ ելեւմտական, եկամուտի ապահովման, քննիչ յանձնախումբերու կազմութիւնները։ Այս յանձնախումբերու աշխատանքներուն մաս պիտի կազմէին նաեւ Պատրիարքարանի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբէն երկու անդամ։

Խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան վրանաբնակ կեանք վարելու պայմաններու մատնուած ժողովուրդը, ի մասնաւորի Վաքըֆգիւղի գիւղացիները այդ կեանքի պայմաններէն փրկելու միջոցները։ Այս ուղղութեամբ յայտնուեցան գաղափարներ ըստ որոնց վրանաբնակ ժողովուրդը եւ գիւղացիներ պէտք էր որ այլեւս ունենային բնակարաններ, ըլլան անոնք քոնթէյնըրներ եւ կամ կազմելի տնակներ։ Ներկաներ միաձայնութեամբ տեղին գտան, որ այլեւս բոլորը բնակէին յարմար կառոյցներու ներքեւ, ամէն բանէ առաջ լքուած ըլլալու հոգեբանութեան ազդեցութենէն ձեռբազատուելու համար։

Նախ քան հաւաքոյթի վերջանալը Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի տարած օժանդակութեան կարեւոր առաքելութիւնը, սկսեալ 2021ի Մարտէն։ Համավարակի օրերուն այս յանձնախումբը իր առաքելութիւնը առանց կասեցնելու օժանդակութեան ձեռք երկարած էր համայնքի աւելի քան ութը հարիւր կարօտեալներու, անոնց ապահովելով սննդանիւթի եւ կամ առտնին կազմածներ։ Նաեւ ի պահանջել հարկին նիւթական օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ իրաւաբանական, բժշկական ու հոգեբանական օժանդակութիւններ հասցնելով։ Այս յանձնախումբը կը գործէր Խաչիկ Ճանէլի ատենապետութեամբ եւ եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու գործակցութեամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց թէ յանձնախումբը եւ թէ յանձնախումբի ատենապետ՝ Խաչիկ Ճանէլը, որ Պէյօղլուի Թաղական Խորհուրդի անդամակցութեան ընտրուած ըլլալով կը հրաժարէր իր երեք տարի շարունակած պաշտօնէն։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, թէ հասկացողութեամբ ընդունած էր Տիար Ճանէլի որոշումը եւ զինքը փոխարինելու պարտասխանատուութիւնը յանձնած էր Հերման Գավաֆեանի։ Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, թէ յանձնախումբը իր աշխատանքները պիտի շարունակէր նոյն թափով։

Հաւաքոյթը իր աւարտին հասաւ Սրբազան Պատրիարք Հօր աղօթքով։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın