İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԶՐՈՅՑ ՈՒՆԵՑԱՒ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՆՊԱԾ ՄԻՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 60 ամեակը՝ ձեռնարկելով հայ ուսանողութիւնը հայ ինքնութեան հետ առնչող զանազան ծրագիրներու, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 2023 թուականը Սփիւռքի վերակազմակերպման տարի հռչակելուն ծիրէն ներս։

Առ այդ, Շաբաթ, 25 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ ընթացք առաւ վերոյիշեալ ծրագիրներու սեմինարներերու շարքին առաջինը, հովանաւորութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին։ Միօրեայ այս առաջին սեմինարը կրեց «Հայ Համալսարանականը՝ Մշակոյթի Դեսպան» թեման, որուն ընդմէջէն անդրադարձ կատարուեցաւ գիրի ու գրականութեան՝ մշակոյթի եւ ուսման տեսանկիւններէն։

Բացման խօսքը արտասանեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի ատենապետ Սէրուժ Խանճիհանեան։ Ան վեր առնելով հայ մշակոյթը՝ ընդգծեց Սփիւռքի մէջ հայօրէն ապրելու կոչուած հայ երիտասարդին պարտականութիւնը։ Ան շեշտեց մշակոյթին էական դերը ինքնութեան պահպանման մէջ. ան այս բոլորը դիտել տուաւ մեկնելով Վեհափառ Հայրապետին 2023 տարուան հռչակագիրին մէջ հնչած Սփիւռքի վերականգման ու վերակազմակերպման կոչէն։

Օրուան առաջին կիսուն, բացման նիստին, Նորին Ս. Օծութիւնը երկխօսութիւն ունեցաւ մասնակից երիտասարդներուն հետ, որոնք եկած էին յիբանանահայ վարժարաններէն եւ երիտասարդական ուսանողական զանազան միութիւններէն։ Իր խօսքին մէջ Հայրապետը կեդրոնացաւ Սփիւռքի վերականգման աշխատանքներուն մէջ մշակոյթին կարեւորութեան վրայ եւ այս իմաստով մատնանշեց երիտասարդներուն դերակատարութիւնը։ Ապա, մասնակիցները աւելի խորացան նիւթերուն մէջ կլոր սեղանի մը ընդմէջէն՝ Լուիզա Պապոյեանի, դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի եւ Զաքար Քէշիշեանի հետ, զրուցավար ունենալով Արազ Գոճայեանը։ Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք, մասնակիցները հաւաքական աշխատանոց մը ունեցան՝ հայ մշակոյթը արդիական կերպերով հանրութեան ներկայացնելու թեմայով, գլխաւորութեամբ դոկտ. Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեանի։

Հայրապետ-ուսանող զրոյցի ընթացքին, ան իր խօսքը սկսաւ բարձր գնահատելով ուսանողներուն այս ծրագիրին մասնակցութիւնը եւ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.՝ի նախաձեռնութիւնը՝ նշելով, որ սա պերճախօս վկայութիւն է երիտասարդութեան կապուածութեան մեր ժողովուրդի արժէքներուն, մշակոյթին, աւանդին ու պահանջատիրութեան, հակառակ առօրեայ կեանքին մէջ տիրող ընկերատնտեսական բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն։ Այս առիթով Հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց իր սկզբունքը՝ «երիտասարդութիւնը մեր կեանքի լուսանցքին վրայ պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ մայր էջին վրայ»։ Այս սկզբունքէն մեկնելով երիտասարդը իր ըսելիքն ու ընելիքը պիտի ունենայ մեր հաւաքական կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ, յայտնեց ան։

Վեհափառ Հայրապետը ապա անդրադարձաւ Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ երիտասարդին դերակատարութեան ու երիտասարդ մասնակիցներէն լսեց իրենց մարտահրաւէրները շրջանցելու ուղղութեամբ կարծիքներ ու սպասումներ։ Նկատի ունենալով, որ օրուան թեման մշակոյթն էր, Հայրապետը վերասահմանեց մշակոյթ հասկացողութիւնը՝ մէկ քայլ անդին տանելով դասական սահմանումէն։ Ան նշեց, որ մշակոյթը ըլլալով հաւաքականութեան մը ինքնարտայայտութեան միջոց, ան իր մէջ կը պարփակէ նաեւ կենցաղակերպ, մտածելակերպ, գործելակերպ, իտէալներ։ Նորին Սրբութիւնը կեդրոնացաւ մշակոյթի ծաւալման մէջ կրօնքի ներդրումին վրայ եւ բացատրեց ազգերու մշակոյթներուն մէջ քրիստոնէութեան ու իսլամութեան ազդեցութեան տարբերութիւնը։

Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ անդրադարձաւ ուսանողներուն եւ երիտասարդներուն կենցաղին ու որոշումներուն վրայ գերիշխող ներկայ աշխարհին պայմաններուն ու իրավիճակին։ Այս գծով Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ անցեալին մեր ազգին շուրջ դրուած ցանկապատները ամուր պահեցին մեր ինքնութիւնը, սակայն ներկայիս նոյն կերպով ու ոճով ապրիլը հակառակ ազդեցութիւն կու տայ։ Այնուամենայնիւ, բոլոր երկսայրի սուրերուն պատասխանները կը գտնուին ամուր հայ ընտանիքին մէջ. ուստի, իրապաշտ պէտք է ըլլանք մեր մօտեցումներուն մէջ՝ միշտ ամուր պահելով ընտանիք ամրոցը, ընդգծեց Հայրապետը։

Խօսելով Սփիւռքի վերականգնումին մասին, Նորին Ս. Օծութիւնը քաջալերեց ուսանողները ըլլալ ներկայ աշխարհին հետ համահունչ՝ մտածելակերպով ու գործելակերպով, խուսափիլ ծայրայեղութիւններէ եւ ժամանակավրիպութիւններէ։ Այս իմաստով, Հայրապետը յորդորեց երիտասարդները, ի պահանջել հարկին, ձայն բարձրացնելու մեր կառոյցներուն մէջ, առանց սակայն քանդելու ու կործանելու ցարդ կատարուած իրագործումները։ Ան շեշտեց, որ մեր կառոյցները, սկսեալ եկեղեցիէն, կարիքը ունին ինքնաքննութեան, որպէսզի առաւել ներկայութիւն ըլլան ներկայ աշխարհին պայմաններով ապրող երիտասարդութեան կեանքին մէջ։

Երիտասարդներուն հետ զրոյցի ընթացքին Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ հայու ինքնութեան, Արցախի ու Հայաստանի ներկայ իրավիճակին, Լիբանանի տագնապին եւ երիտասարդութեան վրայ Սփիւռքին անկազմակերպուածութեան ժխտական ազդեցութեան մասին։

Աղբիւր։  His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI  

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın