Յետ ցեղասպանութեան շրջանին, մանաւանդ 1930 թուականներուն ծնունդ առաւ հարց մը՝ որ մինչեւ օրս պատասխանը կը փնտռէ: Ծնունդ առաւ խումբ մը, որ պնդեց ու հաւատաց, թէ հայ ըլլալու համար հայերէն խօսիլը անհրաժեշտ չէ, որովհետեւ հայ ըլլալը լեզուէն աւելի հոգեկան ապրում ու ինքնութեան գիտակցութիւն է, որ ըստ իրենց պայմանաւորուած չէ լեզուով եւ բնականաբար անոնց դիմաց դուրս եկան անոնք, որոնք ազգի մը փրկութեան, հայապահպանութեան ու գիտակից հայեր ունենալու համար առաջնահերթութիւններէն մին նկատեցին մայրենի լեզուի գիտութիւնը:
Սփիւռքի մէջ նման վիճաբանութեան մը ականջալուր կ՚ըլլայ գրող Նշան Պէշիկթաշլեան եւ իր մահէն մէկ տարի առաջ՝ երեքշաբթի, 29 յունիս 1971-ի «Հայրենիք» օրաթերթի Բ. էջին մէջ կը յիշատակէ այդ բանավէճը, որ սկիզբ կ՚առնէ հետեւեալ ձեւով.- «Կը կարծեմ թէ բազմաթիւ հայեր կը չափազանցեն հայերէնի կարեւորութիւնը, յանուն հայապահպանումի: Հայրս, հօրեղբայրս, մօրեղբայրներս, ինչպէս նաեւ մեր ծննդավայր քաղաքին, նոյնիսկ մեր գաւառին բոլոր հայերը թրքախօս էին: Եւ սակայն, հակառակ այս իրողութեան, հայ էին, կատարեալ հայ, կրնամ տակաւին ըսել որ շատ աւելի հայ էին, քան կարգ մը հայախօս հայեր»։ Հայապահպանման համար լեզուն անհրաժեշտ նկատող մէկը ըլլալով հանդերձ, չեմ կրնար համաձայն չգտնուիլ վերոյիշեալ հակառակորդին, կեանքի այն փորձով, որ լուսահոգի մեծ մայրս թրքախօս ըլլալով շատ աւելի հայրենասէր անձ մըն էր՝ քան հազարաւորներ որ այսօր կը խօսին հայերէն՝ սակայն հայատեաց վարք ու մտայնութիւն մը ունին:
Սակայն հին սերունդին մէջ կայ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը. այսինքն մեծ մայրս կամ իրեն հասակակից բազմաթիւ մեծահասակներ հայերէն լեզուն լաւապէս չհասկնալով հանդերձ, իրենց մէջ կը զգային եկեղեցի երթալու պարտաւորութիւնը՝ գիտնալով հանդերձ որ ո՛չ գրաբարէն եւ ոչ ալ քարոզիչ քահանային քարոզէն բան մը պիտի կարենան հասկնալ: Թէեւ հիներ յաճախ այս մէկը «տգիտութիւն» եւ «ոչխարի հոգեբանութիւն» կ՚անուանեն, սակայն մենք այդ մէկը կը տեսնենք որպէս ինքնութեան կապուածութիւն, որովհետեւ հասկնան թէ ոչ, այդտեղ պատարագուող Քրիստոսը իրենց համար «հայ» եւ միայն հայերէնով կարելի է աղօթք բարձրացնել: Այդ «տգիտութեան» մէջ անգամ կայ հայրենասիրութիւն:
Սակայն հարցը կը մնայ նոյնը. հայերէնը անհրաժե՞շտ է հայապահպանութեան համար:
Անոնք որոնք ոչ պատասխանը կու տան, կ՚ուզեմ հետեւեալին մասին մտածեն. պատկերացուցէք աշխարհ մը, ուր ընդհանրապէս հայերէն խօսող ու գիտցող չկայ՝ սակայն բոլորը կը հաւատան եւ կը հաստատեն, թէ հայ են: Համամիտ ենք, որ հայ ըլլալու եւ մանաւանդ հայ զգալու համար հայերէն գիտնալն ու խօսիլը չի բաւեր, որովհետեւ այսօր աշխարհի մէջ լաւապէս հայերէն գիտցող օտարներ եւս գոյութիւն ունին. համամիտ ենք, որ հայութիւնը բացի լեզուէն նաեւ մշակոյթ է, աւանդութիւն է, վարք ու բարք է:
Զարթօնքի սերունդի ծնունդի պատճառներէն մէկը եւս հայերէն լեզուի պակասութիւնն էր. այդ մէկը ցաւ էր Զարթօնքի սերունդին համար. տեսնել հայեր՝ առանց հայերէնի: Օրինակի համար, Արշակուհի Թէոդիկ մէկ ամսուան համար կը մեկնի Կիլիկիա եւ իր յուշերը գրի առած է «Ամիս մը ի Կիլիկիա» աշխատութեան մէջ. այս թրքախօսութեան ցաւը հետեւեալ տողերէն կարելի է քաղել.
«-«Անունդ ի՞նչ է, աղջիկս» կը հարցունեմ մօտս կեցող պզտիկի մը, որուն դէմքն անհունապէս գրաւիչ է: Ծաւի աչքեր, դեղձան մազեր ու վարդեր իր կաթնաթոյր այտերուն վրայ. հրեշտակ մը պարզապէս: Կ՚երկբայիմ հարցումիս պատասխան մը ստանալուս մասին, քանզի տեղացի հայը դժբախտաբար թրքախօս գոլով, հազուադէպ պարագայ մըն է եթէ հանդիպիս հոս մէկու մը որ հայերէն լեզուն հասկնայ ու խօսի»:
Բոլոր անոնք որոնք կը հաւատան, թէ առանց լեզուի հայապահպանում կարելի է, հետեւեալ հարցը ունիմ. ո՞ւր է այսօր այդ «ծաւ աչքերով», «դեղձան մազեր»ով մանուկը… որ «անունդ ի՞նչ է» հարցումին անգամ չէր կրցած պատասխանել. ո՞վ են անոնց զաւակներն ու թոռները. անոնց անունները ի՞նչ են եւ անոնցմէ քանի՞ն կը գիտակցի, որ ինք իրապէս հայ է: Անոնցմէ քանի՞ն հայու հետ պսակուեցաւ եւ հիմա «հայ» ընտանիք մը կազմեցին:
Այս է տարբերութիւնը հայերէն լեզուով պայմանաւորուած հայրենասիրութեան:
Ցեղասպանութենէն ետք հայերէն լեզուի պաշտպանները ունեցան այն համոզումն ու «երազ»ը, որ նոր սերունդը աւելի զօրաւոր, աւելի հայրենասէր դառնալու համար այլեւս ո՛չ թրքախօս եւ ո՛չ ալ օտարախօս պիտի ըլլայ, այլ ամուր պիտի կառչի իր լեզուին եւ ինքնութեան, սակայն այդ երազները մնացին երազ… թրքախօս հայը դարձաւ անգլիախօս, գերմանախօս, սակայն ո՛չ հայախօս:
Սփիւռքի մէջ ապրող ու հայերէն չգիտցող մերօրեայ երիտասարդութեան վիճակն ու ճակատագիրը նոյնութեամբ «ծաւ» աչքերով աղջկան ճակատագիրն է. հայութիւն մը՝ որ ո՛չ թէ ատակ, այլ դատապար-տըւած է կործանումի:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -203-
Մեր հայ ընտանիքներէն ներս կայ այն համոզումը, որ հայ մանուկը երկու-երեք հատ անգլերէն թուանշան ըսէ, «շուն»ի փոխարէն «dog» ըսէ՝ կը նշանակէ զարգացած ու «լայնախոհ» մանուկ մըն է:
Օր մը մայր մը դիմացս այնպէ՜ս հպարտացաւ իր մանուկին «ուան», «թու», «դրի» ըսելուն, որ կարծես մանուկը նոր ստեղծագործութիւն մը կատարած ըլլար:
***
Օր մը հայ ընտանիք մը լողաւազան կ՚երթայ ուրախ շաբաթավերջ մը ունենալու համար. այդտեղ մայրը կը նկատէ անգլերէն լեզուով խօսող 7-8 տարեկան մանուկներ եւ դառնալով իր զաւակին կ՚ըսէ. «Տե՛ս, տե՛ս եւ օրինակ առ ի՜նչ աղուոր կը խօսին»:
Անգլերէն խօսող մանուկներուն տարեկից հայ մանուկը նեղանալով այս համեմատութենէն ինքնավստահ ձեւով կ՚ըսէ. «Է մենք ալ թրքերէն կը խօսինք…» եւ կը սկսի թրքերէնով թուանշանները հաշուել՝ դարձեալ ստեղծագործութիւն մը կատարածի ինքնավստահութեամբ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ
Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023
http://www.jamanak.com/content/հոգե-մտաւոր/27-03-2023-հայ-բայց-ո՛չ-հայախօս
İlk yorum yapan siz olun