Քառասնօրեայ պահեցողութեան օղակներէն՝ Գալստեան Կիրակիին կը վերաբացուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Ս. Խորանի վարագոյրը՝ նշելով Հայրապետարանիս Ուխտի Օրը:
Առ այդ, հանդիսապետութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Ս. Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։
Հայրապետական թափօրը, եկեղեցւոյ ղօղանջներուն ներքեւ եւ շրջապատուած Դպրեվանքի սաներով, Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեամբ, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասով եւ սկաուտներով, Վեհարանէն ուղղուեցաւ Մայր Տաճար, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանէն օր մը առաջ դուրս բերուած համաքրիստոնէական եւ մեր եկեղեցւոյ սուրբերու սրբազան մասունքներուն եւ մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին Աջին ուղեկցութեամբ։
Ս. Պատարագի ընթացքին, պատարագիչ սրբազան հայրը քարոզը սկսաւ սուրբին ձօնուած շարականէն քաղուած համարով։ Ան ըսաւ, որ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եղաւ մեր հոգեւոր ճշմարիտ ծնողքը ու Աստուածանման սիրով գորովագութ հայրը։ Ան ենթարկուեցաւ զանազան տառապանքներու, որպէսզի մեզ առաջնորդէ Քրիստոսի լոյսին։ Ան զուգահեռներ գծեց Լուսաւորչի չարչարանաց եւ մեր Ս. Աթոռին աքսորեալ վիճակին միջեւ՝ մինչեւ Կաթողիկոսութեանս Անթիլիաս հաստատումը։
Յաւարտ Ս. Պատարագին, Վեհափառ Հայրապետը բարձրացաւ Ս. Խորան եւ մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Լուսաւորիչ Հայրապետին Ս. Աջով Կաթողիկոսարանի շրջափակ շրջելով օրհնեց ամբողջ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակները, որմէ անմիջապէս ետք, Ս. Խորանին վրայ, կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւնը, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու։
~ ~ ~ ~ ~ ~ ~
[Յաւելեալ մանրամասնութեամբ տեսնել կայքէջին վրայ.- https://wp.me/p7epxk-cNc ]
Աղբիւր։ His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI
İlk yorum yapan siz olun