İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՆՑՆԻ ԳԱՆԱՏԱ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, արդէն դէպի այս ամսավերջ պիտի աւարտէ Նիւ Եորքի մէջ իր կեցութիւնը։ Կը տեղեկանանք, որ Արեւելեան թեմի Սուրբ Ներսէս ընծայարանէն ներս իր ուսումը եւ Արեւելեան թեմի զանազան շրջաններէն ներս հովուական այցելութիւնները աւարտելու վրայ է երիտասարդ միաբանը, որ անցեալ ամիսներուն լուրջ փորձառութիւն կուտակած է իր վերապատրաստման ճանապարհին։ Այժմ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան կը պատրաստուի Արեւելեան թեմէն անցնիլ դէպի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմը, ուր յարաբերաբար աւելի կարճ ժամանակաշրջանի մը տեւողութեան պիտի շարունակէ իր աշխատանքները՝ նոյնպէս կուտակելով որոշ փորձառութիւն։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանի հսկողութեան ներքեւ ան պիտի գտնուի Գանատայի թեմէն ներս, ուր եւս պիտի տանի վերապատրաստման որոշ աշխատանքներ։ Մասնաւորապէս, այս բոլորէն վերջ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատկի տօնակատարութիւններու շրջանին պիտի գտնուի Գանատայի թեմէն ներս։ Այս բոլորէն վերջ, ամենայն հաւանականութեամբ ամառնամուտին ան պիտի վերադառնայ քաղաքս։ 

Միւս կողմէ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան նախորդ շաբաթավերջին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի եւ առաքելութեան վերաբերեալ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ուայթ Փլէյնսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ։ Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Գարեգին Աւ. Քհնյ. Գասպարեան, Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Յովսէփեան եւ բազմաթիւ հետաքրքիրներ, որոնց շարքին կը գտնուէին նախկին պոլսահայեր։ Այս հաւաքոյթի ընթացքին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան եւ առաքելութեան։ Աւելի քան հինգ դարերու վրայ տարածուած մեր նուիրապետական Աթոռի գործունէութիւնը որոշ փուլերու մէջ ամփոփելէ վերջ հայր սուրբը պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/20-03-2023-տ-յարութիւն-վրդ-տամատեան-պիտի-անցնի-գանատա

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın