İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՒ ԵՍ Կ՛ԵՐԹԱՄ…

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ահա ժամանակը հասաւ եւ ես կը հեռանամ ԱՄՆ-ի իմ սիրալիր մթնոլորտէս ու Ս. Ներսէս Ճեմարանէն։ Ամէն օրը զարգացումով, բարեկամութեամբ եւ նոր փորձառութիւններով լի շրջան մը իր աւարտին կը հասնի։ Բնաւ չէի երեւակայած, թէ այս հեռաւոր երկրի մէջ այնքան շուտ, օգտաշատ եւ յատկապէս հաճելի կեցութիւն մը պիտի ունենամ։ Ու ես կ՚երթամ, բայց իմ մօտ տանելով հարիւրաւոր նոր բարեկամներու սէրն ու մտերիմ յիշատակները։

Այս առումով շնորհակալութիւնս Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանին, որ եղաւ հոգեւոր առաջնորդ ու եղբայր, կեցութեանս օրերուն։ Նոր տեսլականով պաշտօնի կոչուած Առաջնորդը, դարձաւ նաեւ ներշնչող իր տեսլականով։ Շնորհակալութիւն Ս. Ներսէս Ճեմարանի Տեսուչ Տ. Մարտիրոս Աւ. Քահանային, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն, բոլոր սպասաւորներուն, եղբայրներուս եւ քոյրերուս, որոնց ներկայութեամբ հարստացաւ էութիւնս։ Ս. Եկեղեցւոյ ծառայելու պատրաստ երիտասարդ բարեկամներս, ուղղակիօրէն ներշնչողական զօրութիւն ունեցան նաեւ իմ վրաս։

Եւ շնորհակալութիւն բոլոր հոգեւոր եղբայրներուս եւ ծուխերուն որոնց հետ քանի քանի անգամներ թէ՛ զրուցելու եւ թէ՛ աղօթեցի։ Առիթը ունեցայ իրենց հետ խօսելու եւ իրենցմէ լսելու։ Վստահ եղէ՛ք թէ ձեր բոլորը անմոռանալի էք եւ ձեր ծառայութիւնը միշտ զօրաւոր կը պահէ Հայ Եկեղեցին ու ժողովուրդը, ԱՄՆ-ի մէջ։

Այս ծիրով նաեւ որդիական ակնածանքս Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանին, որուն հրաւէրով Արեւմտեան Թեմէ ներս ալ Ս. Պատարագ մատուցանելու արժանացայ։ Ինչպէս նաեւ Սրբազա Հօր ցուցմունքներով հոգեւոր դաշտ իջած երիտասարդներու ներկայութիւնը, յատուկ ձեւով ուրախացուց զիս։

Եւ անշուշտ այս հանգրուանին որդիական ակնածանքս Կ.Պոլսոյ Ամենապատիւ Սահակ Բ Սրբազան Պատրիարք Հօր, որուն օրհնութեամբ ուղղուեցայ դէպի նոր տուն մը եւս եւ զգացի բարեկամական ջերմութիւնը։

Սակայն ամէն սկիզբ ունի վերջակէտ եւ ամէն վերջակէտ սկիզբն է նոր հանգրուանի մը։

Ուստի ժամանակն է ըսելը. Ու եւս կ՚երթամ…

Բոլորդ շատ սիրող՝

Յարութիւն Վարդապետ Պոլսեցի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın