İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԿԻՊՐՈՍԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Այս առաւօտ՝ Երկուշաբթի, 20 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Նիքոս Քրիսթոտուլիտէսին հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հետեւեալ նիւթերը.- ա) Կիպրոսի հայ համայնք, բ) Արցախի շրջափակում, գ) Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներ, դ) Լիբանանի նախագահական ընտրութիւն եւ ե) Կիպրոսի դերը Միջին Արեւելքէն ներս։

Վերոնշեալ հարցերու շուրջ տեսակէտներու լայն փոխանակում տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ նախագահին միջեւ: Նորին Ս. Օծութիւնը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ու իր տեսակէտները փոխանցեց նախագահին՝ ընդառաջելով անոր փափաքին, վերոնշեալ հարցերուն առնչուած:

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում: Վեհափառ Հայրապետը նախագահին յանձնեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթամատեանի բնագրին բազմապատկուած մէկ օրինակը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական գաթալոկը: Նախագահը, իր կարգին, Հայրապետին յանձնեց կիպրական յատուկ ասեղնագործ ձեռագործ կտոր մը:

Յիշենք, որ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան, Կիպրոսի հայոց թեմի Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Վահան Այնէճեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Սեւակ Կիւրիւնլեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան:

Աղբիւր։  His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI  

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın