İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՆԵՐԿԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱՑ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ԿՐՆԱՆՔ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԼ ԱՍՏՈՒԱԾԱԿԵԴՐՈՆ ԿԵԱՆՔ ՄԸ ԱՊՐԵԼՈՎ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս խօսքերով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց կիպրահայութեան, Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, որ մատուցուեցաւ Նորին Ս. Օծութեան Կիպրոսի հայոց թեմին տուած հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը՝ Կիրակի, 19 Մարտ 2023-ին։

Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն, քահանայ հօր, դպրաց դասուն եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան կողմէ, որոնք եկած էին լսելու Հայրապետին պատգամը եւ ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը:

Կաթողիկոսական փոխանորդ սրբազան հայրը՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, իր խօսքին մէջ շեշտեց Նորին Սրբութեան հովուապետական այցելութեան կեդրոնական նպատակը եղող Սփիւռքի վերակազմակերպման, վերաշխուժացման ու վերանորոգման անհրաժեշտութիւնը։ Ան յիշեց Կիպրոսի հայոց թեմէն ելած երանաշնորհ հայրապետները։ Սրբազան հայրը ընդգծելով Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրներուն կարեւորութիւնը՝ ըսաւ, որ հայ ազգը իր հայրապետներուն գծած ուղիէն քալելով է, որ պիտի կարողանայ հզօրանալ իր ազգային կեանքին մէջ ու ամրապնդուիլ՝ իր հոգեւոր գնացքի ընթացքին։ Ապա, ան Հայրապետը հրաւիրեց փոխանցելու իր հայրական ու Հայրապետական պատգամը։

Նորին Ս. Օծութիւնը իր պատգամին սկիզբը գնահատանքով ողջունեց Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ սրբազան հօր, հոգեւոր դասուն, Ազգային Վարչութեան եւ Կիպրոսի հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն խանդավառ ու ներդաշնակ ծառայութիւնը:

Հայրապետը իր պատգամին բնաբան ընտրած էր Յովհաննու Աւետարանին հետեւեալ տողերը. «ես եկայ՝ որպէսզի կեանք ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան» (Յհ 10.10): Նորին Ս. Օծութիւնը ըսաւ, թէ քրիստոնէական հասկացողութեամբ մարդուն կեանքը Աստուծոյ ներկայութեամբ կ՚արժեւորուի ու կը հարստանայ։ Կեանքը մեր դիմաց կը բանայ զանազան ճամբաներ, սակայն քրիստոնեայ անհատին կոչումն է ընտրել ճշմարիտ ու վաւերական կեանքի ճամբան՝ Քրիստոս-Կեանք ճամբան, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Շարունակելով իր պատգամը՝ Նորին Սրբութիւնը յստակեցուց, թէ կեանքը պէտք չէ հասկնալ իր նեղ պարունակին մէջ. անիկա հոմանիշ է Աստուծոյ ներկայութեան: Աստուած ոչ միայն ստեղծիչն է կեանքին, այլեւ անոր ներկայութիւնն է։ Կեանքին իմաստ ու նպատակ տուողը Աստուած ինքն է: Երբ Աստուած բացակայ է մեր կեանքէն՝ հոն կը տիրէ խաւարը, այլ խօսքով՝ չարիքը: Մեծ պահքի իւրաքանչիւր Կիրակին ունի իւրայատուկ անուանում։ Պատահականօրէն չեն դրուած այդ անունները, այլ՝ հոգեւոր վերանորոգման առաջնորդող պատգամներ կ՚ընդգրկեն անոնք։ Անցնող շաբաթներուն տեսանք, թէ ինչպէ՛ս մարդ արարածը մեղանչելով հեռացաւ Աստուծմէ, այլ խօսքով ընտրեց խաւարը եւ չարը: Ահաւասիկ այս կացութեան դիմաց կեանքի Աղբիւրը՝ Աստուած, իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի մահուան ճամբան բռնած մարդը առաջնորդէ ճշմարիտ ու յաւիտենական կեանքին: Աւետարանները յստակ կերպով կը պարզեն, թէ Քրիստոս Իր կեանքով ու հրաշքներով ցոյց տուաւ մարդուն կեանքի ճամբան: Կեանքի ճամբան լոյսի ու փրկութեան ճամբան է։ Հետեւաբար, Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած անձը պէտք է քալէ այդ ճամբէն, շեշտեց Հայրապետը:

Ս. Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն եւ աջահամբոյր, որուն յաջորդեց պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Կիպրոսի հայոց թեմական ու համայնքային պատասխանատու մարմինները:

Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը ճաշկերոյթի իր փակման խօսքին մէջ երկու ընդգծումներ կատարեց.֊ ա) համախումբ ապրելու հրամայականը՝ մեր ազգի ընդհանրական արժէքներով շաղախուած. բ) մեր կեանքը մնայուն պայքարի վերածելու անհրաժեշտութիւնը՝ ի խնդիր համահայկական իտէալներու իրականացման։

Աղբիւր։  His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI  

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın