İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 19 Մարտ 2023, Կիրակի, Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց ԴատաւորիԿիրակիի Ս. Պատարագին։

Ս. Պատարագը մատոյց Հաթայի Սուրբ Եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւ եւ Գաւառի համայնքներու տեսուչ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Արարողութեանց մասնակից էր Սուրբ Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ Սուրբ Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Սեւան Շէնճանի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ըսաւ թէ Եկեղեցին յատկապէս այսօր մեզմէ կ’ուզէ որ մտածենք աղօթքի գաղափարին վրայ։ Շեշտեց, թէ օրուան Սուրբ Աւետարանի բաժինը կեդրոնացած է այս գաղափարին վրայ։

Պատրիարք Հայրը պատմեց եւ մեկնաբանեց Անիրաւ Դատաւորի առակը ու ըսաւ թէ հաւատքով կատարուած աղօթքը անպայման ընդունելի կը դառնայ առաջի Աստուծոյ։ Նաեւ աղօթքը պէտք է ըլլայ ի խորոց սրտէ եւ մշտատեւ։ Աստուած պէտք չէ որ մեզմէ հեռու նկատուի, այլ ընդհակառակը Ան պէտք է ըլլայ մեր սրտերուն մէջ։ Երանելի են անոնք որոնք կը ճանչնան զԱստուած լեցուած հաւատքով, յոյսով եւ սիրով։ Թելադրեց, որ աղօթքի պահուն մենք քննենք զմեզ եւ անդրադառնանք մեր սխալներուն ու թերութիւններուն եւ զանոնք սրբագրելու կամք դրսեւորենք ապաւինելով Աստուծոյ զօրութեան։

Մեր Հոգեւոր Պետը անդրադարձաւ իր դէպի աղէտի գօտի կատարած հովուապետական այցելութեան, պատմեց այնտեղերու վիճակը եւ ըսաւ թէ մարդիկ օգնութեան պէտք ունին եւ բոլորս պարտինք մեր օժանդակութիւններով օգնել իրենց։ Նորին Ամենապատուութիւնը կոչ ուղղեց նիւթական օժանդակութեան համար։

Քարոզի աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը ծանօթացուց օրուան պատարագիչ քահանայ հայրը եւ հրաւիրեց որ ընէ իր սրտի խօսքը։ Տէր Հայրը անդրադարձաւ երկրաշարժի գործած աւերներուն։ Երախտագիտութեամբ յիշեց առաջին օրը Պատրիարքական Աթոռի փութացուցած օժանդակութիւնը, որ մխիթարած էր աղիտահար ժողովուրդը։ Որպէս ժողովուրդ մխիթարուած էին Նորին Ամենապատուութեան հովուապետական այցելութենէն եւ ընդգծեց թէ կը վստահէին նախ Աստուծոյ, ապա՝ մեր Հոգեւոր Պետի գլխաւորութեամբ կատարուած ու կատարելի օժանդակութեանց եւ յոյս յայտնեց թէ աղէտի վէրքերը պիտի դարմանուէին ժողովուրդի դրսեւորած միասնականութեամբ։

Աւարտին յատուկ պաշտօնով յիշատակուեցան վերջին ահաւոր երկրաշարժի զոհերուն հոգւոցն ի հանգիստ։

Արարողութիւնը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ (https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/742825543909665

Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, Պալըքճեան Սրահին մէջ սարքուեցաւ Սիրոյ Սեղան, ուր հաճելի անակնկալով մը նշուեցաւ մեր Հոգեւոր Պետի ծննդեան տարեդարձը։ Եկեղեցւոյ Երէց՝ Գրիգոր Աւագ Քահանան, կարդաց Եկեղեցւոյ քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի Միացեալ Նահանգներէն ուղարկած շնորհաւորականը, որով յանուն եկեղեցւոյ պաշտօնական մարմիններուն կը շնորհաւորէր Նորին Ամենապատուութեան ծննդեան տարեդարձը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած անակնկալին ու շնորհաւորական արտայայտութեանց համար եւ մաղթեց, որ եկեղեցւոյ կենսունակութիւնը ըլլայ մշտատեւ, որուն համար կարեւորեց նոր սերունդի մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ եւ համայնքի կեանքին։ Սիրոյ սեղանը վերջացաւ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքով։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın