İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱԿՆԱՐԿ – 9 – ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ – ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ «ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՏՆՕՐԷՆ ՏՔԹ. ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆԻՆ

Մեծայարգ Տիար Ռազմիկ Փանոսեան,

Հետաքրքրութեամբ եւ ուշադրութեամբ կարդացի Ձեր հրապարակած զեկոյցը՝ Ձեր պաշտօնավարութեան 10-ամեակին առիթով:

Ձեր զեկոյցը կարդացած ատեն թարմացան այն միտքերը, որոնց մասին վերջին շրջանին յաճախ կը խորհիմ, եւ գաղափարը յղացայ բաց նամակով մը դիմելու Ձեզի:

Արդարեւ, Ձեր զեկոյցին մէջ զգալի է արեւմտահայերէնին նկատմամբ Ձեր ուշադրութիւնը: Հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին գլուխը Ձեր յայտնուելէն ետք Ձեր տարած աշխատանքները կը վկայեն, թէ միայն խօսքով չէ որ կը մտահոգուիք արեւմտահայերէնով, այլեւ՝ Ձեր կարելին կ՚ընէք պատշաճ կերպով նեցուկ կանգնելու արեւմտահայերէնին:

Ձեր զեկոյցէն առանձնացուցած եմ հետեւեալ հատուածները, որոնք այստեղ կը տեղադրեմ ըսածս աւելի յստակեցնելու համար: Կը գրէք.

• «Հայկական համայնքներու բաժանմունքին համար անցումային տարի մըն է 2023-ը՝ քանի կ՚ամփոփէ նախորդ հնգամեայ ծրագիրը եւ կը ձեռնարկէ նորին: Մեր առաքելութեան վերամշակուած բնաբանն է՝ «հզօրացնել հայոց լեզուն, մշակոյթն ու կրթութիւնը սփիւռքի մէջ եւ խթանել գիտական հետազօտութիւնն ու քննական միտքը Հայաստանի մէջ»: Նշեալ յայտարարութեան մէջ կայ թէ՛ շարունակականութիւն, թէ՛ փոփոխութիւն։ Կը շարունակենք կեդրոնացած մնալ լեզուի, մշակոյթի եւ կրթութեան վրայ՝ յատկապէս արեւմտահայերէնի վրայ, միաժամանակ ներմուծելով նոր տարրեր, որոնք ներկայիս անհրաժեշտ են հայութեան. ինչպէս՝ գիտական հետազօտութիւններ, ընդհանուր առմամբ աւելի լաւ քաղաքականութիւններ մշակելու միտումով եւ քննական մտածելակերպի զարգացում՝ ազգային հարցերուն աւելի լաւ լուծումներ բերելու համար»:

• «…մեր մօտեցումը այնուամենայնիւ կը մնայ սփիւռքակեդրոն: Սա հիմնուած է ո՛չ միայն ժողովրդագրական փաստերու վրայ, ըստ որոնց հայ ժողովուրդի երկու երրորդը կ՚ապրի Հայաստանէն դուրս, այլեւ ցուցիչն է աւելի խորունկ փիլիսոփայական հեռանկարի մը. սփիւռքը ազգին եւ հայ ինքնութեան անբաժան մասնիկն է եւ ան պէտք է սնանի եւ զարգանայ եւ պէտք է զօրավիգ կանգնիլ անոր»: 

 Ձեր նոր շրջանի մարտահրաւէրները չորս կէտերու բաժնած էք, որոնց առաջինն ա՛յս է.

«Երաշխաւորել արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը՝ հովանաւորելով լեզուի իւրացումի եւ ուսուցիչներու զարգացման ծրագիրներէն սկսեալ մինչեւ լեզուն ամրապնդող թեքնաբանական նախաձեռնութիւնները»:

Գաղտնիք չէ՛, որ արեւմտահայերէնը այսօր եւ օր օրի լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Այդ մարտահրաւէրներէն ամենէն էականները, ըստ իս, ուղղագրութեան եւ քերականութեան հարցերն են: Եթէ այսօր վերցնենք սփիւռքի մէջ հրապարակուած պարբերականներ՝ օրաթերթ, շաբաթաթերթ, ամսաթերթ կամ տարեգիրք, թիւով՝ ութը կամ ինը հատ, ապա զարմանալի չ՚ըլլար երբ ութը կամ ինը տարբեր ուղղագրութիւններու, քերականական օրէնքներու եւ գրելաձեւերու հանդիպինք: Սա երեւոյթ մըն է, որ լրջօրէն կը սպառնայ արեւմտահայերէնի կենսունակութեան եւ նոյնիսկ գոյութեան:

Խրախուսելի են թէ՛ անհատական եւ թէ՛ տարբեր հաստատութիւններու եւ կառոյցներու կողմէ մինչ այժմ կատարուած հրատարակութիւնները ի խնդիր արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ կենսունականութեան, սակայն արդիւնքը բաւարար չէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր ոք կը շարունակէ իր երգը երգել, առանց ընդունելու դիմացինին կարծիքը, կամ նոյնիսկ զայն լսելու:

Ձեր զեկոյցին մէջ շեշտած էիք այս կէտերը.

– Հզօրացնել հայոց լեզուն… յատկապէս արեւմտահայերէնը:

– Մեր մօտեցումը այնուամենայնիւ կը մնայ սփիւռքակեդրոն:

– Երաշխաւորել արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը:

Առ այդ, նկատի ունենալով որ ներկայիս արեւմտահայերէնի լիիրաւ կրողն ու տէրը սփիւռքն է, աւելի ստոյգ՝ անոր ոչ-իրանահայ ու ոչ-նախկին հայրենահայ հատուածը, նկատի ունենալով Ձեր յատուկ կեդրոնացումը արեւմտահայերէնին վրայ, եւ ի վերջոյ գիտակցելով, որ լեզու մը իր կենսունակութիւնը ունենալու եւ պահելու համար կարիք ունի յստակ եւ ամուր հիմքերու, կ՚առաջարկեմ, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը, չէզոք դիրքերէ հանդէս գալով, կազմէ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ մը՝ Ձեր գլխաւորութեամբ, եւ այդ մարմինին առաջ յստակ յանձնարարութիւն դրուի կատարել համապատասխան աշխատանքներ եւ ընդհանրացնել ստացուած ու բիւրեղացուած արդիւնքները [ի դէպ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը գործէ այդպիսի կառոյց մը՝ Լեզուի Պետական Կոմիտէն՝ ՀՀ ԿԳՄՍՆ-ի ծիրին մէջ]:

Ձեր բաժանմունքին դիմելու մտածումը ունեցայ, որովհետեւ այսօր սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ թերեւս ամենէն վստահելի եւ չէզոք կառոյցն էք, որ կրնայ նման յանձնախումբ մը յառաջացնել եւ հետեւողական կերպով հսկել կատարուած աշխատանքներուն:

Բաց նամակի սահմանները չանցնելու համար, այստեղ չեմ ներկայացներ աշխատանքային քարտէսի իմ տեսլականս, որ պատրաստ եմ մանրամասնելու Ձեզի, եթէ դրական արձագանգ ունենայ այս առաջարկը:

Վստահ եմ, որ արեւմտահայերէնի համար ցարդ Ձեր կատարած աշխատանքներուն ամենէն կարեւորն ու գործուն ազդեցութիւն ունեցողը պիտի ըլլայ նման յանձնախումբի մը ստեղծումը, որու աշխատանքներուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ արեւմտահայերէնին կենսունականութիւնը եւ գոյատեւումը ապահովել:

Յարգանօք՝

ՎԱՐԱՆԴ (ՅԱԿՈԲ) ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

12 մարտ 2023

http://www.jamanak.com/content/հարթակ/16-03-2023-ակնարկ-9-արեւմտահայերէնի-պաշտպանութեան-եւ-համակարգման-յանձնախումբի-մը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın