Ուաշինկթընի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, 14 Մարտ 2023, Կիրակի, Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց՝ Պատրիարքական Աթոռոյս միաբան Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Պատարագին ներկայ էր Արժ. Տ. Յովսէփ Քհնյ. Կարապետեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ դպրաց դաս երգչախումբի կողմէ։
Նախ քան Տէրունական աղօթքը, հանդիսաւորապէս կարդացուեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակի առթիւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակը։
Իսկ, Ս. Պատարագի աւարտին, Հայր Սուրբը յայտնեց, որ այս Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագը յատուկ նշանակութիւն կը զգենուր, քանի կառուցուած էր Պոլսոյ երանաշնորհ Գարեգին Բ. Պատրիարքի հովուութեան ժամանակ։ Այս պահը առաւել եւս իմաստալից կը դառնար քանի երանաշնորհ Պատրիարքը իր աշխատութեան արդիւնքը հանդիսացող եկեղեցւոյ մէջ յիշելու առիթը կ՚ընծայուէր, իր օրհնութեան արժանացած հոգեւորականի մը։ Սոյն եկեղեցւոյ գոյութիւնը ունէր կարեւոր պատգամ մը եւս, որով ԱՄՆ-ի մայրաքաղաքին մէջ Հայ ժողովուրդին եւս կարեւորութեան ու ներկայութեան կոթողին կը վերածուէր տաճարը։
Հայր Սուրբը անդրադարձաւ Անիրաւ Տնտեսի առակին եւ յայտնեց, որ մեզի յանձնուած ազգային եւ եկեղեցական արժէքները Աստուծոյ շնորհքներն են։ Այս առումով, Հայ Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր անդամ կը կոչուէր լաւապէս տնտեսելու՝ անձին եւ ազգին շնորհուած բոլոր արժէքները։
Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միջինքի միջոցառում, որուն ընթացքին Հայր Սուրբը ներկայացուց Պոլսոյ մէջ կատարուած միջինքի տօնակատարութիւնները եւ աւանդականի վերածուած Կեսարիոյ ուխտագնացութիւնը։ Այս առթիւ, եկեղեցւոյ Պոլսահայ վարիչները եւ հաւատացեալները ողջունեցին Հայր Սուրբը եւ տեղեկութիւններ ստացան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ Պոլսոյ մէջ կատարուած գործունէութեան մասին։ Գոհունակութեամբ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ուաշինկթընի թեմական պատուիրակ եւ Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանքի նախկին սաներէն Գերշ. Տ. Վիգէն Արքեպս. Այգազեանի Ուաշինկթընի մէջ ունեցած առաքելութեան։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun