İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՄԻՋԻՆՔԸ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ

Մեծ Պահքի շրջանի Միջինքը նշուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, 15 Մարտ 2023, Չորեքշաբթի երեկոյեան, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։ Նոյն առթիւ կատարուեցաւ խաղաղական ժամերգութիւն։

Արարողութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, միաբան հայրեր, քահանայից դասը, ինչպէս նաեւ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի անդամներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերու կողմէ։

Ժամերգութեան աւարտին ծնկաչոք երգուեցաւ Տէր ողորմեա՝ աշխարհի խաղաղութեան, հիւանդներու բժշկութեան եւ մեղքերու թողութեան համար։

Նորին Ամենապատուութիւնը ունեցաւ խորհրդածութիւն մը, եւ ընդգծեց աղօթքի կարեւորութիւնը։ Անդրադարձաւ դէպի աղէտի գօտի կատարած հովուապետական այցելութեան եւ յիշեցուց, թէ մարդիկ կը կրեն ահաւոր երկրաշարժի ծանր հետեւանքները ու մաղթեց որ մարդկութիւնը հեռու մնայ այդպիսի աւերմունքներէ։ Թելադրեց աղօթել տառապեալներու մխիթարութեան համար։ Նաեւ ընդգծեց, թէ մանաւանդ այսպիսի աւերումներ ապրուած օրերուն մարդոց սրտերը կը բացուին եւ առաւել եւս պէտք է աղօթել որպէսզի այդ սրտերուն մէջ տեղ գրաւէ այն գաղափարը, թէ Աստուած մեծ է եւ կարող է նախախնամել բոլորս։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, տեղւոյն թաղային խորհուրդը Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ Նորին Ամենապատուութեան եւ հոգեւոր հայրերու համար սարքեց պահքի սիրոյ սեղան մը։ Սեղանի վրայ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյց ունեցաւ հոգեւոր հայրերու եւ սեղանակից հաւատացեալներու հետ։ Կարեւորեց երիտասարդներու եւ մանուկներու ուղղեալ արարողութեանց կատարումը, նաեւ թելադրեց թէ նկատի պէտք է ունենալ մեր ժողովուրդի այն լայն հատուածը, որ աշխատանքային կամ ուսման հետեւելու պատճառներով կարելիութիւն չեն ունենար մասնակցելու Մեծ Պահոց արարողութեանց։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Թաղային Խորհուրդին եւ տիկնանց Յանձնախումբին եւ մաղթեց որ Աստուած կարողութիւն տայ արժեւորելու Մեծ Պահոց մնացեալ կէսը եւ հասնելու՝ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın