Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընդառաջ՝ թեկնածութիւն առաջադրած վեց խումբերը կը շարունակեն քարոզչական աշխատանքները։ Այս ամբողջին մէջ բաւական ազդու եւ ուշագրաւ նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ Դեղին խմբակը, որ կը գլխաւորուի համայնքային շրջանակներու համակրելի դէմքերէն Շէյտա Երկանեան-Նանեանի կողմէ։ «Պէյօղլուի համար ամուր փոփոխութիւն» կարգախօսով ճանապարհ դուրս եկած Դեղին ցուցակը վերջին օրերուն երեկոյթ մը կազմակերպեց Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Գրեթէ բոլոր խումբերը այս շրջանին կը շարունակեն իրենց պատգամները առաւել հասանելի դարձնել համայնքային շրջանակներուն։ Դեղին ցանկի հաւաքոյթին հիմնական առանձնայատկութիւնը այն էր, որ առաջին հերթին թիրախաւորուած էր համայնքի նոր սերունդը։ Երիտասարդներու հետ հաւաքի մը ձեւաչափին մէջ նախատեսուած էր երեկոյթը, որ անցաւ խանդավառ պայմաններու ներքեւ։ Շէյտա Նանեան եւ իր գործակից ընկերները մանրամասնօրէն բացատրեցին, թէ ի՛նչ ծրագիրներ ունին եւ ինչ նպատակներու կը ձգտին։ Անոնք հիմնաւորեալ տեղեկութիւններով բացատրեցին իրենց մօտեցումները եւ ներկայացուցին իրենց հորիզոնները։ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար ճանապարհ դուրս եկած Դեղին ցուցակին մէջ թէ՛ երիտասարդները եւ թէ իգական սեռի ներկայացուցիչները կարեւոր տեղ կը զբաղեցնեն։ Այս բոլորի լոյսին տակ համայնքային շրջանակները հետաքրքրութեամբ կը հետեւին այս ցուցակի թեկնածուներու մօտեցումներուն։
Միւս կողմէ, Դեղին ցուցակի թեկնածուները նախընթաց օր այցելեցին Գումգաբու, շաբաթավերջի ընտրութեան ընդառաջ ստացան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին Շէյտա Երկանեան-Նանեան եւ իր ընկերները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին Պէյօղլուի եւ ընդհանրապէս մեր համայնքի ապագային վերաբերեալ իրենց մտահորիզոնին, մշակած ծրագիրներուն եւ որդեգրած առանցքային նպատակներուն կապակցութեամբ։ Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ դիտել տուաւ, որ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը համայնքային կեանքի առողջ ընթացքին տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ թէ՛ իր տնօրինած միջոցներով եւ թէ վիթխարի ներուժով։ Ուստի, Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց յառաջիկային վերաբերեալ Պատրիարքական Աթոռին ակնկալութիւնները եւ ընդգծեց այն սպասումները, որոնք թեկնածութիւն առաջադրած բոլոր խումբերու պարագային ի զօրու են, որպէսզի Պէյօղլուի միջոցները ծառայեն համայնքի ընդհանուր վերելքին ու կայունութեան՝ զօրակցութեան ոգիով եւ իրերօգնութեան տրամադրութիւններով։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան այս կիրակի՝ մարտի 12-ին։
İlk yorum yapan siz olun