İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԿԱՊՈՅՏ ՑՈՒՑԱԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակի ներկայացուցիչները երէկ խմբագրատունս այցելեցին՝ շաբաթավերջին նախատեսուած քուէարկութեան ընդառաջ։ Այս խմբաւորումը համայնքին կը ներկայանայ «Սիրոյ միութիւն» անուանումով։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին համայնքային շրջանակներու ծանօթ եւ համակրելի դէմքերէն Արէտ Աքփոլատ եւ Անի Համամճեան, որոնք Կապոյտ ցուցակի իրենց թեկնածու ընկերներուն հետ կը ձգտին յառաջիկայ շրջանին գործի գլուխ գալ Պէյօղլուի մէջ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Արէտ Աքփոլատ եւ Անի Համամճեան մեզի ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց ծրագիրներուն եւ որդեգրած սկզբունքներուն շուրջ։

Կապոյտ ցուցակը, մեր ժողովուրդի զօրակցութեան արժանանալու եւ պաշտօնի գլուխ գալու պարագային՝ պիտի ունենայ հիմնական առաջնահերթութիւն մը, որ պիտի ըլլայ Էսաեան վարժարանի վերելքը։ Կապոյտ ցուցակը մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ կրթական բնագաւառին նկատմամբ եւ այս ամբողջին մէջ կը նախատեսէ զգալի վերակենդանացում մը ապահովել Էսաեան վարժարանի գործունէութեան մէջ։ Բաց աստի, Աքփոլատ եւ Համամճեան մեզի յայտնեցին, որ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը կը տնօրինէ բաւականին լուրջ միջոցներ եւ իրենք գործի գլուխ գալէ վերջ պիտի տեսնեն այժմու կացութիւնը եւ այդ ուսումնասիրութեան հիման վրայ Պէյօղլուի միջոցները պիտի փորձեն հնարաւորինս արդար մօտեցումով բաժնել համայնքի ընդհանրական կարիքներու դիմագրաւման համար։

Զրոյցի աւարտին հիւրերը շեշտեցին, որ կ՚ակնկալեն համայնքային շրջանակներուն աջակցութիւնը, որպէսզի յառաջիկայ շրջանին Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը այսօրուան բաղդատմամբ շատ աւելի լայն ներդաշնակութիւնով մը տեղ գտնէ համայնքային կեանքի ընդհանուրին մէջ։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/7-03-2023-պէյօղլուի-կապոյտ-ցուցակի-ներկայացուցիչները-խմբագրատունս-այցելեցին

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın