Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը արտօնած էր իր հեղինակած «Երկու Ուխտաւոր» պատմական վէպի ռուսերէնի թարգմանութեան եւ հրատարակութեան։
Այս օրերուս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութիւնը եւ «Индивидуум Принт» (Մոսկուա) հրատարակչութիւնը ռուսերէն թարգմանութեամբ համատեղ լոյս ընծայեեցին Նորին Ամենապատուութեան «Երկու ուխտաւոր» պատմավէպը, Հրազդան Մադոյեանի թարգմանութեամբ եւ Արժ. Տ․ Ղեւոնդ Աւ․ Քհնյ․ Մայիլեանի խմբագրութեամբ։
ԺԸ. դարու հայ եկեղեցւոյ երկու կարկառուն դէմքեր` Յովհաննէս Կոլոտ եւ Գրիգոր Շղթայակիր պատրիարքներ, իրենց առասպելական առաքելութեամբ անմոռանալի հետք թողած են մեր կրօնական եւ ազգային պատմութեան վրայ: Հրաշագործ Վարդան վարդապետին աշակերտած այս երկու գաղափարակից վանականներու փոթորկալից կեանքը մեծ դասեր կը պարունակէ բոլոր ժամանակներու հաւատացեալ ուխտաւորներու համար: Սրբազան Հեղինակը, անոնց կեանքի լուսեղէն հետքերուն հետեւելով, ընթերցողին կը մատուցէ հետաքրքրական պատմավէպ մը, որ մեր կրօնական գրականութեան համար նորութիւն կը նկատուի իր միստիկական սխրանքով եւ երեւակայական պատկերազարդումներով:
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun