Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Անթալիայի մէջ կիրակնօրեայ պաշտամունքի համար եւ մերազն հաւատացեալները այցելելու նպատակաւ մեկնեցաւ Անթալիա։ Իրեն կ’ընկերանային Հերման Գըր, Սարվէն Թուղլա ուրարակիր դպիրներ եւ Արեգ Գըր եւ Դանիէլ Գափլան դպիրներ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախաձեռնութեամբ ապահովուած էր Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի հրամանը ու Փիսիտիայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Յոբ Մետրոպոլիտի արտօնութիւնը: Ուստի 5 Մարտ 2023, Կիրակի առաւօտ, Անթալիոյ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հայածէս Սուրբ Պատարագ։
Նախքան Տէրունական Աղօթք, Հայր Սուրբը փոխանցեց օրուան պատգամը եւ ըսաւ թէ՝ այսօր թէ՛ Անթալիայի հայ համայնքի եւ թէ ներկայ հոգեւորականներու համար ուրախալի ու պատմական օր մըն է, որ կ՚ապրինք, որովհետեւ կրկին անգամ է, որ Ս. Պատարագ կը մատուցուի Անթալիայի մէջ: Հայր Սուրբը շեշտեց թէ Անթալիայի մերազն ժողովուրդն ալ նոյնքան թանկագին է եկեղեցւոյ համար:
Հայր Սուրբը շարունակեց «Մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ» բնաբանով եւ շարունակեց ըսելով այս կիրակի անուանուած է Անառակի կիրակի եւ Անառակի Որդիի առակի կարեւորութեան մասին խօսեցաւ թէ՝ բոլորիս ծանօթ առակ մըն է, որովհետեւ մենք ալ կը նմանինք անառակ որդիին, կ՚ուզենք մեր բաժինը առնել Աստուծմէ եւ ապա հեռանալ Իրմէ։ Սակայն պէտք է գիտնանք թէ մենք կոչուած ենք Աստուծոյ Որդիներ եւ Աստուած, ինչ որ ալ ընենք, միշտ պատրաստ է մեզ ներելու եւ մեզ ընդունելու։ Ուրեմն եկէք անառակ որդիի նման ծունկի գանք Աստուծոյ առջեւ եւ ըսենք՝ Ով Երկնաւոր Հայր, մեղք գործեցի քու առջեւդ եւ կը խոստովանիմ եւ կ՚ուզեմ դարձեալ կոչուիլ քու զաւակդ։ Ամէն»։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն ընթացքին յիշուեցան ներկայ հաւատացեալներու ի Քրիստոս ննջած ազգականները։
Ապա Հայր սուրբը առիթ ունեցաւ համախմբուելու եւ զրուցելու հաւատացեալներու հետ։ Իսկ ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այս տնօրինումին եւ Հայր Սուրբի ու ընկերակիցներու այցելութեան համար:
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun