Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 24 Փետրուար 2023, Ուրբաթ, յետմիջօրէին, ընդունեց նորապսակ Գերշ. Տ. Փաիսիոս Եպս.ի այցելութիւնը։
Սրբազան հիւրը յայտնեց, որ եկած էր Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու, քանի Յունաց Պատրիարքարանի դիւանին մէջ իր մօտ քսան տարիներու ծառայութեան ընթացքին միշտ կապ ունեցած է Հայոց Պատրիարքութեան հետ եւ իրեն համար ուրախութիւն ու պատիւ պիտի ըլլար Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալ։
Մեր Հոգեւոր Պետը եւս իր ուրախութիւնը յայտնեց երիտասարդ Սրբազանը այս անգամ իր նոր աստիճանով Պատրիարքարանի մէջ ընդունելով, օրհնեց ու կարողութիւն մաղթեց իր ծառայութեան դաշտին մէջ։
Հիւր Սրբազան Հայրը յայտնելով, որ նշանակուած է Պալըքլըի Յունաց Վանքի տեսուչ, Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեց Ս. Զատկի տօնէն ետք իր նոր պաշտօնատեղին՝ պաշտօնապէս այցելելու։
Այցելութեան ներկայ էր պատրիարքական Աթոռոյս Դիւանադպիր Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեան։
***
Kadasetli Patrik Sahak II Hazretleri, 24 Şubat 2023, Cuma, öğleden sonra, yeni takdis edilmiş Episkopos Paisios’u makamında kabul etti.
Saygıdeğer konuk, Rum Patrikliği sekreteryasındaki yaklaşık yirmi yıllık hizmeti süresince Ermeni Patrikliği ile her zaman temas halinde olduğunu ve Patrik Hazretleri’nin takdislerini ve hayır dualarını almanın kendisi için büyük bir mutluluk ve onur olduğunu ifade etti.
Ruhani Önderimiz de genç episkoposu bu kez yeni rütbesiyle Patrikhane’de ağırlama sevincini dile getirdi, kendisini takdis etti ve yeni hizmetlerinde başarılar diledi.
Konuk episkopos Balıklı Rum Manastırı episkoposu olarak atandığını açıkladıktan sonra Patrik Hazretleri’ni, Paskalya Yortusu’ndan sonra yeni görev yerinde resmi olarak ağırlamak üzere davet etti.
Ziyarette Rahip Hovagim Seropyan da hazır bulundu.
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
Kaynak։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun