İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ / BEYOĞLU KİLİSELERİ VAKIF SEÇİMİ GERÇEKLEŞİYOR

Մեր համայնքին ծանօթ է, թէ Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 12 Մարտ 2023, Կիրակի։ Այս մասին արդէն իսկ պատշաճ պաշտօնական հաղորդումները եղած են Ընտրողական Յանձնախումբի կողմէ։

Սոյն ընտրութեան կը մասնակցին վեց խումբեր, որոնց անդամները առաջադրած են իրենց թեկնածութիւնը։

Ինչպէս ծանօթ է, Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Հայրը, ցարդ կատարուած ընտրութիւններուն որպէս թեկնածու ներկայացած խումբերը ընդունած էր եւ լսած՝ իրենց ծրագիրները, իւրաքանչիւրին ընելով հայրական թելադրութիւններ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ըստ նախընթացի պատրաստ է ընդունիլ թեկնածու խումբերու անդամները, պայմանաւ որ խումբերը ներկայանան իրենց ամբողջական կազմով։ Սոյն հանդիպմանց համար կարելի է Պատրիարքարանի Դիւանին դիմել ժամադրութիւն ապահովելու խնդրանքով։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնած է, թէ ի Տեառնէ կը խնդրէ, որ ընտրութիւնը կայանայ եղբայրական մթնոլորտի մէջ եւ յաջողութիւն կը մաղթէ թեկնածու խումբերուն։

***

Cemaatimiz tarafından bilindiği üzere, Beyoğlu Üç Horan Ermeni Kilisesi Vakfı Yönetim Kurulu seçimleri 12 Mart 2023 Pazar günü yapılacaktır. Bu konuda Seçim Komisyonu tarafından seçimle ilgili resmi açıklamalar yapılmıştır.

Bu seçime altı aday listenin katılacağı açıklanmıştır.

Bilindiği gibi Kadasetli Patrik Sahak II Hazretleri, bugüne kadar gerçekleşen tüm seçimlerde aday grupları kabul ederek projeleri hakkında bilgi edinmiş ve her birine pederane tavsiyelerde bulunmuştur.

Patrik Hazretleri Beyoğlu Üç Horan Ermeni Kilisesi Vakfı Yönetim Kurulu seçimi münasebetiyle, aday grupları, eksiksiz katılım şartıyla, kabul etmeye hazırdır. Görüşme için Patriklik sekreteryasına başvurarak randevu alabilirler.

Ruhani Reisimiz seçimin kardeşçe bir ortamda gerçekleşmesini temenni ederek, aday gruplara başarılar dilemektedir.

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

Kaynak։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın