İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՎԱՆԱԿԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Ա.Մ.Ն.ու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի օրհնութեամբ, Գրիգոր եւ Գլարա Զօհրապ Տեղեկատուական Կեդրոնի եւ Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց Եկեղեցւոյ կազմապերպութեամբ, 17 Փետրուար 2023, Ուրբաթ, ժամը 19.30-ին, Եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ դասախօսեց Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Առաջնորդարանի Կոմիտաս Երգչախումբի, Ս. Խաչ Դպրեվանք Սանուց Միութեան, Էսայեան Կեդրոնական Սանուց Միութեան, Պոլսահայ Օգնութեան Միութեան եւ Ս. Ներսէս Ընծայարանի համագործակցութեամբ իրականացած երեկոյթին նիւթն էր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ Վանական Դպրեվանական կեանքը։ Հանդիսութեան կազմակերպչական պաշտօնը ստանձնած էին Գրիգոր եւ Գլարա Զօհրապ Կեդրոնի Տնօրէն Դոկտ. Ճեսի Էրլըն, Արթիւր Իբէք եւ եկեղեցւոյ վարչութենէն Արա Արազ։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Դոկտ. Ճեսի Էրլըն եւ ուրախութիւն յայտնեց, թէ՝ նման ձեռնարկ մը իրականացած էր։ Յաջորդիւ Արթիւր Իբէք ներկայացուց Հայր Սուրբի կենսագրութիւնը եւ յայտնեց, թէ՝ ան ներկայիս ժամանակաւորապէս կը գտնուէր Արեւելեան Թեմէն ներս։

Հայր Սուրբը շնորհակալութեան խօսքով սկսաւ իր ներկայացման եւ այս առթիւ յիշեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, Պոլսոյ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որոնց օրհնութեամբ սոյն նիւթի մասին աշխատելու առիթը ունեցած էր։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Առաջնորդ Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ բոլորին, որոնց ներդրումով իրականացած էր սոյն երեկոյթը։

Ապա, Հայր Սուրբը յայտնեց, թէ՝ բացի Արմաշու Դպրեվանքի գործունէութենէն, Աթոռը 20րդ դարուն ունեցած է իր հաստատութիւնները, որոնց հիմնական նպատակը եղած է եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հասցնել ժողովուրդին։ Այս շրջագծով նախ ներկայացուց Գալֆայեան Որբանոցի եւ Գալֆայեան Ուխտի Միաբանութեան հաստատութեան հանգրուանները եւ Գալֆայեան Տան ժամանակի ընթացքին կատարած մարդասիրական հսկայ գործունէութիւնը։ Յաջորդիւ ներկայացուց Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանքի հաստատման պարագաները եւ պատմութեան ընթացքին վարժարանին ունեցած յատկանշական գործունէութիւնը։ Այս առթիւ շեշտեց որ յիշեալ հաստատութիւնները հաստատուած էին Պոլսոյ պատրիարքներու օրհնութեամբ եւ միշտ վայելած՝ անոնց հոգածութիւնը։

Ան եզրափակիչ փուլին յայտնեց, որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը, Նորին Ամենապատուութեան առաջնորդութեամբ անցեալի եկեղեցական աւանդութիւնները ներկայիս եւս իր կարողութեան սահմաններուն մէջ կը ջանայ վառ պահել։

Ներկայացման աւարտին, Ս. Ներսէս Ճեմարանի Դասախօսներէն Փրոֆ. Ռոպէրթա Էրվին անդրադարձ ունեցաւ ներկայացման մասին եւ շեշտեց եկեղեցւոյ քաջալերութեան կարեւորութիւնը։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ աղօթքով։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın