İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԸ

Վերջին ահաւոր երկրաշարժի յաջորդող օրերուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած էր համայնքային ու թաղային մարմիններու ատենապետներու ժողով մը, երկրաշարժէն աղէտեալներու համար կատարելի օժանդակութեան առաքելութիւնը համակարգելու առաջադրութեամբ։

Նոյն ժողովին խնդրոյ առարկայ դարձած էր նաեւ մեր համայնքային վարժարաններու վիճակը։ Նկատի ունենալով, որ միշտ կը խօսուէր Պոլսոյ մէջ պատահելի հաւանական երկրաշարժի մը մասին, ներկաներ ունեցած էին կարծեաց փոխանակումներ եւ ի վերջոյ որոշուած էր վարժարան ունեցող թաղերու վարիչներու մասնակցութեամբ յատուկ ժողով մը գումարել Պատրիարքարանի մէջ։

Որոշուած այդ ժողովը կայացաւ 17 Փետրուար 2023, Ուրբաթ, ժամը 16.00-ին նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ժողովին մասնակցեցան Ճարտարապետ Գէորգ Էօզքարակէօզ, ՀայՃար Միութեան անդամներ՝ Կիւլիւզար Արթուճ, Գարին Շէշէթեան եւ Այգուն Ճօշքուն։

Ժողովը սկսաւ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքով։ Ապա Գէորգ Էօզքարակէօզ հակիրճ ելոյթով մը արտայայտեց ժողովի գումարման նպատակը, որ էր մեր վարժարաններու ճարտարապետական առումով տոկունութիւնը հանդէպ երկրաշարժի։

ՀայՃար Միութեան ատենապետ Կիւլիւզար Արթուճ նախապէս իրենց կատարած աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Կատարուած այդ աշխատանքներուն որպէս արդիւնք առաջին առթիւ յայտնի դարձած էր, թէ պէտք էր շէնքերը առ ի զգուշութիւն գիտականօրէն քննարկման ենթարկել ու թերութիւններ ունենալու պարագային զանոնք դարմանելու միջոցներ որոնել։

Ծանօթ է, թէ այդ աշխատանքները կատարուած էին նախ քան թագաժահրի համավարակը եւ նկատելով որ Կրթական Նախարարութիւնը վարժարաններու ղրկած նոր շրջաբերականով մը կը պահանջէր վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ տոկունութեան տեղեկագիրները։ Խնդրոյ առարկայ էր նաեւ ճարտարապետական կանոնագրութեան տրամադրութիւններու փոփոխութիւնները։ Այս իսկ պատճառով նախկին կանոնագրութեանց լոյսին տակ կատարուած գիտական հետազօտութիւնները կրնային անբաւարար մնալ նոր կանոնագրութեան պարագային, որոշուեցաւ որ վարժարաններ առաջին առթիւ վերանային իրենց ձեռքի տեղեկագիրները եւ նոր տեղեկագիրներու լոյսին տակ վերաժեւորել անոնց տոկունութեան վիճակը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց այս հարցի առընչութեամբ կատարելի հետազօտութեանց կարեւորութիւնը եւ յայտնեց, թէ բոլոր տեղեկագիրներու պատրաստ ըլլալու պարագային զանոնք արժեւորել վարժարաններու պատասխանատուներու մասնակցութեամբ գումարելի ժողովի մը ընթացքին։

Ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան ցուցաբերած զգայնութեան եւ հայրական մերձեցման համար ու խոստացան անյապաղ կատարել հարկաւոր հետազօտութիւնները։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın