İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱԹԱՅ ՆԱՀԱՆԳԻ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Պատահած ահաւոր երկրաշարժը, ծանօթ է տասը նահանգներու սահմաններէն ներս գործած լուրջ աւերներով։ Ահաւոր երկրաշարժը իր ազդեցութիւնը գործած է նաեւ Հաթայ նահանգի մեր երեք եկեղեցիներուն վրայ։

Ըստ վերջերս փոխանցուած տեղեկութիւններու, Քըրըքխանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, որ երկար տարիներէ ի վեր կը մնար տանիքը փլած վիճակի մէջ եւ կը ծրագրուէր տանիքը վերանորոգել եւ եկեղեցին պաշտամունքի բաց վիճակի բերել, վերջին երկրաշարժէն յետոյ դժբախտաբար բոլորովին փուլ եկած է։

Վաքըֆգիւղի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ կառոյցը բարեբախտաբար չէ վնասուած, միայն Սուրբ Սեղանի սրբանկարի տեղադրուած բաժնին մէջ փոքր վնասներ յառաջացած են։ Նաեւ եկեղեցւոյ կողքին գտնուող աղբիւրի քովնտի պատը փուլ եկած է։

Իսկենտէրունի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց ընծայուած քովնտի սեղաններու սրբանկարներու տեղադրուած բաժինները փուլ եկած են։ Աւագ Սեղանի սրբանկարի տեղադրուած բաժինը կրած է փոքր աւերներ, զորս կարելի է վերանորոգել։ Նաեւ եկեղեցւոյ յատակը տեղ տեղ կքած է։ Իսկ քովնտի հովուատունը լրջօրէն վնասուած է եւ դարձած՝ անգործածելի։

Իսկենտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի եկեղեցիներէն ներս արդէն մաքրութեան աշխատանքները կը տարուին Հաթայի Եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւ եւ Գաւառի Համայնքներու Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի եւ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի ձեռամբ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın