İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎ, ԱՂՕԹՔ ԵՒ ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Քահրամանմարաշի Փազարճըք գաւառակի կեդրոնով պատահած ահաւոր երկրաշարժի աղէտեալներու համար աշխատանքները մեծ թափով կը շարունակուին։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր հրաւէրով 14 Փետրուար 2023, Երեքշաբթի, ժամը 16.00-ին Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ աղէտի օժանդակութեան յանձնախումբը ժողով գումարեց։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ էին Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, ինչպէս նաեւ Գաւառի Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիէն Արժ. Տ. Տիմիթրի Քհնյ. Մայօղլու։

Ժողովը բացուեցաւ մեր Հոգեւոր Պետին աղօթքով։ Ապա Պատրիարք Հայրը բացատրեց ժողովի նպատակը։ Ինչպէս ծանօթ է, ահաւոր երկրաշարժի պատահած օրն իսկ սկսած էին աղէտի գօտիի ժողովուրդին զօրակցութեան եւ օժանդակութեան աշխատանքները եւ մեծ թափով կը շարունակուէին։ Պատրիարքական Աթոռոյ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի հովանիին ներքեւ կազմուած Օժանդակութեան Յանձնախումբը արդէն կարելին կ’ընէր։ Այս առումով, կատարուած ու ծրագրուած աշխատանքներու մասին տեղեկութիւն տալու հրաւիրուեցաւ Խաչիկ Ճանէլ, որ մանրամասն բացատրեց թէ ինչպիսի աշխատանք տարած են մինչեւ այսօր։ Անոնք, նկատի առնելով գաւառներէն եկած խնդրանքները, կազմակերպած եւ օժանդակութիւն ղրկած էին Մալաթիա, Հաթայի զանազան կողմերը՝ Վաքըֆգիւղ, Իսկենտէրուն, Անթաքիա, Սամանտաղ եւ Ալթընէօզիւ։ Ըստ տրուած տեղեկութեան, այսօր ճամբայ պիտի ելլէր Ատըեամանի օգնութիւնը։ Եւ մեր եկեղեցիներու աղքատախնամներու համագործակցութեամբ օժանդակութեան արշաւը կը շարունակուի անհրաժեշտ հագուստեղէնի, ուտեստեղէնի եւ զանազան գոյքերու հաւաքով։ Կը շարունակուի նաեւ Պատրիարքարանի հովանիին ներքեւ սկսած նիւթական օժանդակութեան հաւաքը։

Յայտնուեցաւ նաեւ, որ աղէտեալներ, որոնք փափաքեցան միջոց մը հեռանալ իրենց ծննդավայրէն Օժանդակութեան Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ փոխադրուեցան քաղաքս եւ արդէն համայնքի 86 երկսեռ անդամները հասած են Ստանպուլ։

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Հաթայի եկեղեցիներու հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, որ խոր յուզումով իր ու իրեն վստահուած համայնքներու շնորհակալութիւնը բերաւ։ Տէր Հայրը, որպէս կենդանի վկայ, ներկայացուց աղէտի գօտիի մեր ժողովուրդի վիճակը։ Ան, երկրաշարժի սարսափելի ժամերէն ետք ապրուածները եւ այժմու վիճակը եւս պատմեց։ Տէր Հայրը փառք տուաւ, որ այսօր դեռ կ’ապրին, քանի երկրաշարժի գօտիին վրայ զգացած էին մահուան շունչը։

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիէն Արժ. Տ. Տիմիթրի Քհնյ. Մայօղլու, որ երեք օր աղէտի գօտիին մէջ էր եւ այնտեղի տպաւորութիւնները պատմեց ներկաներուն։ Ան, իր ու իր համայնքին անխառն շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց, քանի Հայոց Պատրիարքութեան օժանդակութիւնը կը հասնէր նաեւ տեղւոյն Յոյն ուղղափառ համայնքին։

Հարցումներէ եւ առաջարկներէ ետք, Նորին Ամենապատուութիւնն ու ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին կատարուած աշխատանքներուն համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ թէ պահը համագործակցութեան, զօրակցութեան ու օժանդակութեան պահն է եւ համայնքի իւրաքանչիւր անդամ պարտի մաս կազմել տարուած աշխատանքներուն իր ոյժերուն ներած չափով, իր կարողութեան համաձայն։

Ժողովը աւարտին հասաւ աղօթքով։

ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ժողովէն անմիջապէս ետք, հոգեւոր հայրեր Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճար առաջնորդեցին մեր Հոգեւոր Պետը, ուր հաւաքուած էին զանազան շրջաններէ քաղաքս հասած աղէտեալներ։

Այստեղ նախ ճաշու ժամ, ապա երկրաշարժի ընթացքին իրենց կեանքերը կորսնցուցած մեր համայնքի անդամներուն համար հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ։

Աղօթասացութեան աւարտին իր հայրական խօսքով հանդէս եկաւ Նորին Ամենապատուութիւնը, որ ցաւ յայտնեց երկրաշարժ կոչուած մեծ աղէտին գործած աւերին ու մեր ժողովուրդին կրած մեծ ցաւին համար։ Նաեւ վշտակցութիւն յայտնեց պատահած մահերուն համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը յիշեցուց աստուածաշունչի այն խօսքը, որ կ’ըսէ. «Արեւու լոյսին տակ ամէն ինչ իր ժամանակը ունի. ծնելու ժամանակ եւ մեռնելու ժամանակ…»։ Հիմա ապրելու, վերապրելու ժամանակն է։ Պատրիարք Հայրը ըսաւ թէ մարդ շատ բան կրնայ կորսնցնել, սակայն երբեք պէտք չէ կորսնցնէ իր հաւատքը, յոյսը եւ սէրը։ Հիմա յոյսով ապրելու, վերապրելու ժամանակն է։

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը աղէտեալները հրաւիրեց Պատրիարքարան՝ զրուցելու համար։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Նորին Ամենապատուութիւնը Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց աղէտեալները։ Մեր Հոգեւոր Պետը նախ շեշտեց, որ կը գտնուին բոլորիս տան՝ պատրիարքարանի երդիքին տակ եւ հոգ չէ թէ աղէտի պատճառաւ, սակայն բարով եկած են։ Համայնքի եւ Պատրիարքական Աթոռոյ հակիրճ պատմութիւնը տալէ ետք, Պատրիարք Հայրը իր սիրոյ ու հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ ըսաւ թէ Պատրիարքը, Պատրիարքական Աթոռը եւ համայնքը միշտ իրենց հետ է։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ որ աղօթող է բոլորին համար եւ ամէն մարդ կը ջանայ բաներ մը ընել, որպէսզի բուժեն աղէտեալներու վէրքերը եւ դարմանեն իրենց հոգեկան ցնցումները։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın