İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս.Փ. ԱԶԳ. ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ՔԱՅԼ ՄԸ Կ՚ԱՌՆԷ ՄԵՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՇԷՆՔՆԵՐՈՒ ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Կը տեղեկանանք, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը որոշած է կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գալ՝ պոլսահայ համայնքային վարժարաններու ֆիզիքական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու նպատակով։ Այսպէս, ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ հեռախօսազրոյցի ընթացքին մեզի մանրամասնութիւններ տեղեկացուց հոգաբարձութեան կողմէ նախատեսուած այս քայլին շուրջ։

«Վերջին օրերուն տեղեկացանք, որ անցեալ յունուարի 25-ին՝ այսինքն այս վերջին մեծ երկրաշարժի պատահելէն առաջ, Իսթանպուլի Կրթութեան տնօրէնութեան կողմէ քաղաքի կրթական հաստատութիւններուն ուղարկուած է պաշտօնագիր մը։ Մասնաւոր վարժարաններու շէնքերու ֆիզիքական կացութիւնը ստուգելու վերաբերեալ հրահանգի մը բնոյթը կը կրէին այս պաշտօնագրերը։ Նկատի ունենալով, որ Իսթանպուլի մէջ ալ շատ հաւանական կը նկատուի երկրաշարժի մը պատահիլը, այս պաշտօնագիրը անկարելի է անուշադրութեան մատնել։ Մնաց որ, այս հարցը երկար ժամանակէ ի վեր համայնքային շրջանակներուն ալ օրակարգին վրայ է։ Մենք յամառօրէն ահազանգ կը հնչեցնենք այս խնդրին շուրջ՝ նոյնիսկ հակազդեցութիւններ դիմագրաւելով։ Կրթութեան տնօրէնութեան կողմէ ուղարկուած այս վերջին պաշտօնագրերը անհրաժեշտ արձագանգը չէին գտած համայնքային վարիչներու շրջանակին մէջ։ Ուստի, երբ մենք վերահասու դարձանք կացութեան, ապա որոշեցինք այլեւս լուռ չմնալ եւ անմիջապէս շարժման անցնիլ։ Ինչպէս հրահանգին մէջ կը պահանջուի, մասնագիտական ընկերութիւններ պէտք է քննութեան ենթարկեն վարժարաններու շէնքերը՝ ստուգելու համար անոնց ֆիզիքական ամրութիւնը։ Մենք կը հասկնանք, որ այս բոլորը լուրջ տնտեսական միջոցներու կը կարօտին եւ մեր վարժարաններու պիւտճէները արդէն մեծ բացեր ունին, հետեւաբար մատակարար մարմիններուն տեսակէտէ շատ դժուար կրնայ ըլլալ այսպիսի աշխատանք մը իրականացնելը։ Ուստի, հոգաբարձութեան մեր ընկերներուն հետ որոշեցինք այս ծրագրին ծախսերը դիմագրաւել Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի պիւտճէէն։ Յառաջիկայ շրջանին մասնագիտական ընկերութեան մը հետ պիտի համաձայնինք եւ պիտի պատուիրենք՝ իւրաքանչիւր համայնքային վարժարանի ֆիզիքական կացութեան շուրջ անհրաժեշտ տեղեկագրին պատրաստուիլը», մեզի յայտնեց Պետրոս Շիրինօղլու։

Հուսկ, ատենապետը ընդգծեց, որ այդ արդիւնքները պիտի ըլլան թափանցիկ եւ մեր համայնքային շրջանակներու նկատառման պիտի յանձնուի՝ վարժարաններու շէնքերու տոկունութեան վերաբերեալ առարկայական պատկերը։

Հարկ է նշել, որ այս վերջին մեծ երկրաշարժին յաջորդած իրավիճակին մէջ, Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցած համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութեան ժամանակ եւս օրակարգի վրայ եկած է վարժարաններու շէնքերու տոկունութեան խնդիրը։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/11-02-2023-սփ-ազգ-հիւանդանոցի-հոգաբարձութիւնը-կարեւոր-քայլ-մը-կ՚առնէ-մեր

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın