İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԵՀԵՄ-Ի ԱՏԵՆԱՊԵՏՆԵՐՈՒ Դ. ԺՈՂՈՎԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորում (ՀԵՀԵՄ)ի գործունէութիւնը կը շարունակէ իր համաթեմական, տարածքաշրջանային եւ համահայկական ծրագրերու իրագործման։ ՀԵՀԵՄ-ի Ատենապետներու Ժողովը հեռակայ դրութեամբ տեղի ունեցաւ, 10 Փետրուար 2023, Ուրբաթ երեկոյեան։

Ժողովին մասնակցեցան Հայաստանի եւ արտերկրի 38 թեմերէն 50է աւելի երիտասարդական հարցերով հոգեւորական եւ աշխարհական տեղական պատասխանատուներ։ Օրհնութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, յանուն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Երազ Չաղլաեան։

Ժողովը սկսաւ «Տէրունական Աղօթք»ով, նախագահութեամբ եւ բացման խօսքով ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ եւ ՀԵՀԵՄ-ի Հոգեւոր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի, որ ընդգծեց, թէ մասնաւորապէս այս օրերուն, հայաշխարհը դէմ յանդիման է բազմաթիւ մարտահրաւէրներով եւ ՀԵՀԵՄը իր առաքելութեամբ պարտաւոր է իր աշխատութիւնները առաւել եւս կատարելագործելու։ Այս ուղղութեամբ երիտասարդական առաքելութեան կարեւորութիւնը շեշտելով, յայտնեց թէ միաւորումը կը նպատակէ երիտասարդաց ազգային եւ եկեղեցական արժէքներու նկատմամբ սէրն ու ծառայասիրութիւնը պարարտացնել։

Ատենապետներու Ժողովի գլխաւոր նիւթերէն էր 5-10 Յուլիս 2023-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ նախատեսուած ՀԵՀԵՄի «Սուրբ Էջմիածինը մեր հաւատքի ծննդավայր» Համահայկական ուխտագնացութիւնը։ Սոյն ծրագիրը, որ 2022ին մեծ յաջողութիւն արձանագրեց, այս տարի եւս երիտասարդները պիտի համախմբէ հոգեւոր եւ կրթական ծրագիրներու ներքեւ, ինչպէս նաեւ պիտի դառնայ՝ երիտասարդական մէկտեղում։

Օրակարգի միւս հարցերէն էին այս տարի կայանալիք տարածաշրջանային ֆորումները, ինչպէս նաեւ՝ միջթեմական ծրագրերու ստեղծումը, որով կը նախատեսուի Սփիւռքի եւ Հայաստանի թեմերու գործակցութեան միջոցաւ քոյր թեմերու գաղափարը կեանքի կոչել։

ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր տեսուչ եւ Կեդրոնական Գրասենեակի Տնօրէն Հոգշ. Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատուրեան ներկայացուց գրասենեակի կողմէ 2023 թուականի ծրագիրները՝ կրթական նոր բաղադրիչներու ներառմամբ, թեմական եւ տարածաշրջանային այցերը՝ առաջարկուած նոր ձեւաչափերով եւ աշխարհագրութեամբ։

Ժողովականներ հարցումներ ուղղեցին, հանդէս եկան առաջարկներով, որոնք կը ներառուին ուխտագնացութեան օրակարգին։

Ժողովը աւարտեցաւ աղօթքով։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın