İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՏԱՐՈՂԱՑ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 12 Փետրուար 2023, Կիրակի առաւօտ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Գալֆաեան Վարժարանի սատարողաց Ս. Պատարագին։

Ս. Պատարագը մատոյց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագ, կիսասարկաւագ եւ դպիրներ։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Սեւան Ակօշեանի։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ, Պատրիարք Հայրը ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհեց Բրկ. Յովհաննէս Դպ. Քէօսէին, Բրկ. Արման Դպ. Ալթընթէփէին եւ Բրկ. Արման Դպ. Իւշէնմէզին, ապա քարոզեց եւ մեկնեց «Նայեցէք երկինքին, նայեցէք աստղերուն։ Աստղերը որքան հեռու են երկրէն, այնքան հեռու են իմ մտածումներս ձեր մտածումներէն, իմ ճամբաներս՝ ձեր ճամբաներէն» (Եսայի 55.8-9) խօսքը։ Մեր Հոգեւոր Պետը խօսեցաւ մարդկային կեանքի կարճութեան եւ կեանքի ընթացքին տիեզերքի մասին մարդ արարածի անգիտութեան մասին։ Հազարաւոր տարիներու մարդկային գիտելիքները համակարգիչներու մէջ հաւաքած ըլլալով հանդերձ, մարդ անճառ կը մնայ կարգ մը պարագաներուն, ինչպէս անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած Մարաշ կեդրոնով ահաւոր երկրաշարժի պարագային։ Բազմաթիւ հարցումներ կան մեր մտքերուն մէջ, սակայն չենք կրնար պատասխան գտնել։ Կրնանք հարցումներ յղանալ, սակայն անոնց պատասխանները ըմբռնելու պատրաստ չենք։ Սակայն պէտք է շարունակել հարցնել ու պատասխան որոնել։ Մարդ հարցումներուն պատասխանը գիտցողին կը հարցնէ։ Այսպիսի պարագաներուն պէտք չէ մոռնալ, որ պատասխաններ կան Աստուածաշունչին մէջ։ Հաւատքով պէտք է լսենք Աստուծոյ խօսքը, որ մեզի պատասխաններ պիտի տայ։

Մարդ արարածի ստեղծագործութենէն սկսեալ կայ բնութիւնը, որ Աստուծոյ տարբեր մէկ խօսքն է, որ մարդ պէտք է սորվի եւ անկէ դասեր քաղէ ու ըստ այնմ ապրի։ հազարաւոր տարիներէ ի վեր մարդ կ’ուսումնասիրէ բնութիւնը։

Անդրադառնալով վերջին պատահած ահռելի երկրաշարժին, Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց որ յայտնի դարձաւ թէ մարդ իր գիտցած բնութեան օրէնքներուն ապստամբած է։ Այս բոլոր աղէտներուն պատճառը մարդ արարածի Աստուծոյ եւ բնութեան օրէնքները թեթեւի առնելն է։

Ասով հանդերձ մենք պէտք է ուշքի գանք, միանանք եւ մեր վէրքերը դարմանենք, Աստուծոյ սիրոյ հրամանները պէտք է կատարենք։ Այս պատճառաւ է, որ համայնքը առաջին իսկ օրէն սկսաւ կազմակերպուիլ ու Քրիստոնէական ոգիով օժանդակել աղէտի գօտիի մեր արենակիցներուն եւ դրացիներուն։ Մեր Հոգեւոր Պետը տեղեկութիւններ տուաւ աղէտահար մեր ժողովուրդի մասին եւ կոչ ուղղեց ողջ ժողովուրդին, որ իրենց օգնութեան ձեռքը երկարեն աղէտահար մեր համայնքի անդամներուն։

Մեր Հոգեւոր Պետը անդրադառնալով Սրբուհի մայրապետ Գալֆաեանի ու անոր գործունէութեան, Գալֆաեան որբանոց-վարժարանի պատմութեան, նուիրական այս հաստատութեան ի նպաստ սիրոյ սեղան պիտի սարքուէր այսօր, սակայն երկրաշարժի պատճառաւ զանց առնուած է սիրոյ սեղանը։ Հրաւիրեց ներկաները գործակցիլ եւ լումաներով թիկունք կանգնիլ սոյն նուիրական հաստատութեան, որ կը ջանայ շարունակել իր առաքելութիւնը, շնորհիւ բարերարներու։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց Գալֆաեան Վարժարանի խնամակալութիւնը, պատասխանատուները, տնօրէնութիւնը, ուսուցիչները, ուսանողները եւ բոլորին կարողութիւն մաղթեց իրենց սուրբ գործին մէջ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ Գալֆաեան Վարժարանի հանգուցեալ մայրապետներու, քոյրերու, սատարողներու, ուսուցիչներու եւ սաներու համար հանգստեան կարգ։

Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/513050784310295

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին պիտի սարքուէր սիրոյ սեղան, սակայն երկրաշարժի պատճառաւ հռչակուած սուգի պատճառաւ չիրականացաւ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın