Այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Գալֆաեան Տան ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Այսպէս, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն պիտի նախագահէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Նկատի ունենալով, որ բնական աղէտը ցնցած է ամբողջ երկիրը՝ Գալֆաեան Տան այս տարուան հանգանակութիւնը դժբախտաբար կը զուգադիպի բաւական բարդ ժամանակաշրջանի մը։
Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան տարեդարձը միշտ կը նշուի նոյեմբերի կէսին, ինչ որ առիթ կը հանդիսանայ ոգեկոչելու ուխտի երջանկայիշտակ հիմնադիրները, հաստատութեան սատարողները եւ բոլոր սպասաւորները։ Դարձեալ ըստ աւանդութեան, կրօնական արարողութիւններուն կը յաջորդէ սիրոյ սեղանը։ Մօտաւոր անցեալի համայնքային ընտրութիւններուն բերումով՝ այս տարի բացառապէս որոշուած էր Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան տարեդարձը նշել Մեծ պահոց շրջանին նախորդած վերջին կիրակիին։ Բայց եւ այնպէս, երբ վրայ հասաւ ահաւոր երկրաշարժը, ամէն ինչ արդէն հունէ դուրս եկաւ եւ այս ծրագիրն ալ ստիպողաբար փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։ Գալֆաեան Տան խնամակալութիւնը իսկոյն որոշեց սիրոյ սեղանի ծրագիրը ջնջել՝ հաշուի առնելով, որ աշխարհիկ հանդիսութիւնները սուգի այս շրջանին թոյլատրելի չեն։ Յամենայնդէպս, որոշուեցաւ կրօնական արարողութիւնները չջնջել եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ համայնքային շրջանակներուն ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնայ շաբաթավերջի այս իրադարձութիւնը։ Հիմնական տրամաբանութիւնը այն է, որ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը արդէն կը մատուցուի, իսկ անոր յաջորդելիք հոգեհանգստեան պաշտօնը առիթ կը հանդիսանայ, որպէսզի Գալֆաեան Տան երախտաւորներուն առընթեր աղօթքով յիշուին նաեւ երկրաշարժի բոլոր զոհերը, նաեւ աղօթք վերառաքուի առ Աստուած՝ անպատսպար մնացածներու եւ վիրաւորներու համար։
Ատենապետ Ալֆրէտ Սունայի կողմէ գլխաւորուած նորընտիր խնամակալութիւնը այս փուլին կը ջանայ Գալֆաեան Տան առաքելութեան կայունութիւնը երաշխաւորելու համար այս շաբաթավերջի հանգանակութենէն առաւելագոյն արդիւնքը ապահովել։ Խնամակալութեան աղբիւրները կը շեշտեն, որ նախկին կազմի բոլոր անդամներն ալ՝ կարծես շարունակած ըլլային պաշտօնի գլուխ գտնուիլ, անմիջականօրէն զօրակցած են տարեկան մատաղօրհնութեան կազմակերպչական աշխատանքներուն։
Գալֆաեան Տան պիւտճէի բացը այս տարի կը կազմէ շուրջ 3 միլիոն 600 հազար թրքական լիրա։ Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, խնամակալութիւնը կը պահէ լաւատեսութիւն, թէ մեր համայնքը հերթական անգամ պիտի զօրակցի այս՝ բացառիկ առաքելութեամբ կրթօճախի յարատեւութեան գործին։ Բոլոր անոնք, որոնք պիտի փափաքին Գալֆաեան Տան համար իրենց աջակցութեան բաժինը բերելու, կիրակի Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք Ս. Պատարագին մասնակցելով պիտի ընեն այդ գործը։ Խնամակալութիւնը հաշուի առած է նաեւ այլ պարագաներ՝ քանի կրնան ըլլալ բազում մարդիկ, որոնք հնարաւորութիւն չունենան կիրակի Գումգաբու փութալու։ Այս պարագային խնամակալութիւնը կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի այդ պատրաստակամ անձնաւորութիւնները հաստատութեան դրամատան հաշիւներուն փոխանցէ իր զօրակցութեան բաժինը։ Այսօր խնամակալութեան կողմէ հրապարակուած մատաղօրհնութեան պաշտօնական ազդին մէջ արդէն նշուած են այդ դրամատան հաշուեհամարները։
Հարկ է նշել, որ այս տարի Գալֆաեանը ունի 52 սան։ Դպրոցին մէջ կայ 15 գիշերօթիկ։ Շաբաթավերջերուն վարժարանի կացարանը կը շարունակէ հիւրընկալել 10 սաներ։
Հակառակ առկայ մթնոլորտով պայմանաւորուած բոլոր դժուարութիւններուն, խնամակալութիւնը կոչ կ՚ուղղէ համայնքային շրջանակներուն, որպէսզի անտարբերութեան չենթարկուի դարաւոր Գալֆաեան հաստատութիւնը։
İlk yorum yapan siz olun