İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑ ԱՆԹԱԼԻՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Աթոռոյս Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան եւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, Անթալիոյ մէջ տասնամեակներէ յետոյ կիրակնօրեայ պաշտամունքի եւ մերազն հաւատացեալները այցելելու նպատակաւ մեկնեցան Անթալիա։ Հոգեւոր հայրերուն կ’ընկերանար ժառանգաւոր սաներէն Արի Էքինճեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախաձեռնութեամբ ապահովուած էր Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի տնօրինութիւնը ու Պիսիդիոյ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Յոբ Մետրոպոլիտի արտօնութիւնը: Ուստի 5 Փետրուար 2023, Կիրակի առաւօտ, Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հայածէս Սուրբ Պատարագ։

Նախքան Տէրունական Աղօթք, Հայր Սուրբը փոխանցեց օրուան պատգամը եւ ըսաւ թէ այսօրը Անթալիոյ հայ համայնքին եւ ներկայ հոգեւորականներուն համար ուրախալի ու պատմական օր մըն էր, որովհետեւ երկար տարիներէ ի վեր առաջին անգամ է, որ Ս. Պատարագ կը մատուցուի Անթալիոյ մէջ: Հայր Սուրբը շեշտեց թէ Անթալիոյ մերազն ժողովուրդն ալ նոյնքան թանկագին է եկեղեցւոյ համար, որքան Պոլսեբնակ ժողովուրդը:

Հայր սուրբը շարունակեց, «Ես եմ կեանքի հացը» բնաբանով եւ յիշեցուց Աւետարանական այն պատգամը, թէ պէտք չէ միայն հետաքրքրուիլ մեր օրուան հացով, այլ պէտք է աւելի կարեւորել ճաշակելը՝ կեանքի հացէն, որովհետեւ այդ հացն է, որ Քրիստոս ինքը տուաւ, որպէսզի արժանանանք յաւիտենական կեանքին։ Հայր Սուրբը կոչ ըրաւ ըսելով. «Բանանք մեր սրտերը Աստուծոյ, որպէսզի հասնինք ճշմարիտ խաղաղութեան» եւ Հայր սուրբը քարոզի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքին ու Առաջնորդ Մետրոպոլիտին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն ընթացքին յիշուեցան ներկայ հաւատացեալներու ի Քրիստոս ննջած ազգականները։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի հոգեւոր հայրեր առիթն ունեցան համախմբուելու զրուցելու հաւատացեալներու հետ։ Իսկ ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այս տնօրինումին եւ ներկայ հոգեւորականներու այցելութեան համար:

Ըստ գոյացած համաձայնութիւն իւրաքանչիւր ամսուայ առաջին կիրակիին պիտի շարունակուին Սուրբ Պատարագի մատուցումը նոյն վայրին մէջ:

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın