İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐ ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 3 Փետրուար 2023, Ուրբաթ առաւօտ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ նախագահեց հաւաքի մը, որու ընթացքին հոգեւոր հայրեր ներկայացուցին իրենց աշխատասիրութիւնները։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր գահակալութեան առաջին իսկ մէկ օրէն շեշտած էր հոգեւոր հայրերու մտաւոր պատրաստութեան կարեւորութիւնը եւ այս առումով իր տնօրինութեամբ կազմուած էր, Խաչատուրեան Հոգեւոր Լսարանը։ Այս լսարանին շնորհիւ իրենց գիտելիքները զարգացնելով մեր Հոգեւոր Պետին ձեռամբ ձեռնադրուած չորս հոգեւոր հայրեր, ներկայացուցին իրենց աշխատասիրութիւնները։

Հաւաքին ներկայ եղան Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ անդամներ, Խաչատուրեան Հոգեւոր Լսարանի ծառայողներ, Աթոռոյս ժառանգաւորներ։

Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեանի նիւթն էր «Համառօտ ակնարկ՝ Տիեզերական ժողովներու եւ Քաղկեդոնի ժողովի վարդապետական սկզբունքներու», Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանինը՝ «Հայ Եկեղեցւոյ արարողութեանց մէջ Թրքերէնի գործածութիւնը», Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանինը՝ «Համառօտ ակնարկ՝ Աստուածաշունչի մէջի մեղքի, Աստուծոյ արդար դատաստանի եւ ողորմութեան հասկացողութեանց վրայ», Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Բնարճեանինը՝ «Քրիստոնէութեան տեսանկիւնէ դիտուած՝ վիժումը»։

Աշխատասիրութիւնները քննուեցան յանձնախումբի մը կողմէ, որու մաս կը կազմէին Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Բաբգէն Նանեան եւ Արմինէ Եազտանեան, որոնք յետ քննարկման ընդունեցին աշխատասիրութիւնները։

Հաւաքի աւարտին խօսեցաւ հոգեւոր լսարանի տեսուչ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան, որուն տնօրինութեամբ կազմուած լսարանէն ներս կը վայելէին իր հայրական հովանին։ Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն ազնիւ անձերուն, որոնք Նորին Ամենապատուութեան գաղափարները բաժնելով իրենց ծառայութիւնը բերած էին լսարանի ծիրէն ներս։ Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Պատկ. Կրօնական ժողովին, որոնք եւս կը քաջալերէին տարուած աշխատանքը, որ կը ձգտէր եկեղեցին օժտել հովուական ծառայութեան պատասխանատուութեան գիտակ հոգեւոր հայրերով։

Հուսկ բանքը աւարտեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց այսօրուան համար։ Ան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն պարագային վրայ, որ մարդ երբեմն կրնայ չզգալ թէ ուր է, սակայն երբ դառնալով ետին նայի, աւելի լաւ կը հասկնայ։ Այս է պարագան այսօրուան հաւաքին համար եւս։ Նոր հոգեւորականներ կը շարունակեն իրենց հոգեւոր ու մտաւոր զարգացումը, ինչ որ կենսական է ամէն հոգեւորականի կամ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտը դնելով մեր մայրենիի բառամթերքի հարստութեան վրայ, ըսաւ թէ մարդ կրնայ կղերական կամ հոգեւոր պաշտօնեայ ըլլալ, սակայն աւելի կարեւոր է հոգեւոր մարդ, Աստուծոյ մարդ եւ Տիրոջ Խօսքի քարոզիչ ըլլալ։ Այս է որ կենսական է եւ այս նպատակի համար է, որ հաստատուեցաւ Խաչատուրեան Հոգեւոր լսարանը, որ ծառայած էր իր նպատակին։ Նորին Ամենապատուութիւնը իր օրհնութիւնները տուաւ բոլոր անոնց, որոնք բաժնելով պատրաստուած հոգեւորականներ ունենալու իր մտահոգութիւնները, իրենց ծառայութեամբ օգտակար հանդիսացած էին հոգեւոր հայրերու զարգացման գործին։

Հաւաքը իր աւարտին հասաւ մեր Հոգեւոր Պետի օրհնութեամբ ու միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın