İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՈՂՋՈՒՆԵՑԻՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ.Ը

ԱՄՆ-ի Նիւ Ճըրզի քաղաքին մէջ 29 Յունուար 2023, Կիրակի երեկոյեան, Մատօ Ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան մը, մասնակցութեամբ Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի շրջանի Դպրեվանք Սանուց Միութեան, Էսայեան-Կեդրոնական Սանուց Միութեան, Պոլսահայ Օգնութեան Միութեան եւ Հայ Տան։ Երբեմնի Պոլսահայերու անդամակցած սոյն կազմակերպութիւնները փափաքած էին պատուել Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, որ վերջին շրջաններուն կը գտնուի Ս. Ներսէս Ճեմարանի մէջ։

Սոյն հանդիպումը նշանակալից էր այն իմաստով, որ համավարակի յաջորդող շրջանին առաջին անգամ Պոլսահայ բոլոր միութիւնները համախմբուելու առիթը ունեցած էին։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին սրտի խօսքեր արտասանեցին՝ Պոլսահայ Օգնութեան Միութեան Ատենապետուհի Թամար Մալխաս Գայսէրեան, Էսայեան-Կեդրոնական Սանուց Միութեան Ատենապետուհի Զուարթ Պալըքճեան եւ Դպրեվանք Սանուց Միութեան ատենապետ Տքթ. Յակոբ Համբարձումեան։

Անոնք յայտեցին, թէ իրենց համար ուրախութիւն էր Պոլիսէն ժամանած երիտասարդ հոգեւորականի մը վայելած համակրանքն ու սէրը։ Այս առումով անոնք փափաքած էին հանդիպիլ Հայր Սուրբին եւ զրուցել իր հետ, յատկապէս Պոլսահայ իրականութեան մասին։ Այս առումով անոնք, շնորհապարտ էին նաեւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր եւ Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանին, որոնց օրհնութեամբ Հայր Սուրբը առիթը ունեցած էր ԱՄՆ ժամանելու։

Հանդիպման ընթացքին Հայր Սուրբը փոխանցեց իր պատգամը եւ յիշեցուց, թէ՝ «Սիրոյ սեղան»ը Պոլիսի յատուկ բառապաշար մըն է եւ շատ մը գաղութներէ ներս դիւրըմբռնելի չըլլար նշանակութիւնը։ Սակայն այս երեկոյ կրկին անգամ այս բառի իմաստը մարմին կը զգենուր Պոլսահայերով շրջապատուած սիրոյ սեղանին շուրջ։ Հայր Սուրբը այս առիթով, Պոլսահայ բոլոր հաստատութիւններուն եւ իրենց անդամներուն փոխանցեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր սէրն ու օրհնութիւնները։

Յայտնեց, թէ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը միշտ մօտէն կը հետեւի նաեւ Նիւ Եորքի շրջանի Պոլսահայ կազմակերպութիւններու գործունէութեանց եւ իրենց ամուր համախմբումը արդար ուրախութիւն կ՚առթէ նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ։ Ի միջի այլոց, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վարդապետին, որուն օրհնութիւնը կը վայելէր առհասարակ եւ զանազան առիթներով մօտէն ականատեսը կը դառնար սոյն կազմակերպութեանց կարեւոր առաքելութեանց։

Յարութիւն Վարդապետ, իր խօսքի աւարտին մաղթեց, որ անոնք մնան անսակարկ նուիրումի բարձր պատնէշին վրայ ու շարունակեն իրենց գործունէութիւնը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın